Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ ատելութեան եւ սադրանքներու սերմանումը` ընդգծելով այդ ատելութեան ունենալիք ժխտական հետեւանքները երկու դրացի ժողովուրդներուն` լիբանանցիներուն եւ սուրիացիներուն միջեւ յարաբերութիւններուն վրայ:
Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց զգուշանալու այդ մօտեցումներէն, որոնք պիտի վնասեն ե՛ւ լիբանանցիներուն, ե՛ւ սուրիացիներուն:
Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց նախագահական պալատին մէջ Հարեթ Հրէյքի քաղաքապետական մէկ պատուիրակութեան հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց Իլ տը Ֆրանսի կառավարիչ, նախկին նախարար Վալերի Փեքրեսը, որուն նպատակն է Պէյրութի քաղաքապետարանին հետ ստորագրել փոխադարձ գործակցութեան համաձայնագիր մը:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց Իլ տը Ֆրանսի եւ Պէյրութի քաղաքապետարանին միջեւ գործակցութիւնը` շեշտելով, որ անիկա կը ներկայացնէ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ամրապնդուած յարաբերութիւնները:
Նախագահ Աուն Փեքրեսէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին եւ շրջանային ու միջազգային զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ տարբեր մարզերուն վերաբերող լիբանանեան-ֆրանսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն գծով Լիբանանի տեսակէտը ներկայացնել անոր:
Նշենք, որ Փեքրեսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:



