Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թիֆլիսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հարաւային Կովկասի Եւ Ուքրանիոյ Երիտասարդ Քաղաքական Գործիչներու 5-րդ Հաւաքը

July 18, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 14-15 յուլիսին Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի Բազմակուսակցական ժողովրդավարութեան հոլանտական հիմնարկին (NIMD) հրաւէրով տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Ուքրանիոյ երիտասարդ քաղաքական գործիչներու 5-րդ հաւաքը: Հաւաքին ՀՅ Դաշնակցութեան երիտասարդականը մասնակցեցաւ երեք ներկայացուցիչներով` Գէորգ Ղուկասեան, Անուշ Յովհաննիսեան եւ Արշակ Մեսրոպեան:

Ժողովի բացման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Բազմակուսակցական ժողովրդավարութեան հոլանտական հիմնարկի ներկայացուցիչ Լեվան Տուսքիրիծէ: Բացման ներկայ էին նաեւ Վրաստանի մէջ  Հոլանտայի դեսպան Եոհաննէս Տոումա եւ Հոլանտայի պաշտպանութեան նախկին նախարար Էյվեն վան Միտելքոփ: Վերջինս կարեւոր նկատեց նմանատիպ հանդիպումներու դերը շրջանային տագնապներու խաղաղ լուծման հարցին մէջ` նշելով, որ արդէն 5 տարի է ներկայ կը գտնուի այս հաւաքին, նկատած է յարաբերական աճ երիտասարդներու շրջանակին մէջ թէ՛ գիտելիքներու եւ թէ՛ հանդուրժողականութեան տեսանկիւնէն:

Ժողովի բուն ընթացքը սկսաւ աշխատանքային խումբերու կազմութեամբ. անոնք քննարկեցին ժողովրդավարական արժէքներու  հաստատման եւ ընդլայնման, ապատեղեկատուութեան եւ կեղծ լուրերու  դէմ պայքարի մասին հարցեր: Մասնակից երկիրներու  պատուիրակութիւնները հանդէս եկան վերը նշուած նիւթերու մասին զեկուցումներով եւ ներկայացուցին առկայ իրավիճակը իրենց երկիրներուն մէջ:

Իր ելոյթին ընթացքին ՀՅԴ Երիտասարդականի պատուիրակութեան անդամ Գէորգ Ղուկասեան խօսեցաւ ժողովրդավարական արժէքներու  կարեւորութեան մասին Հայաստանի մէջ եւ ընդհանրապէս` մասնաւորապէս առանձնացնելով ժողովրդավարական մեքանիզմներու  կենսագործման համար անհրաժեշտ նախապայմաններու  արձանագրումը, ժողովրդավարութեան եւ պետութիւններու ու հասարակութիւններու զարգացման փոխյարաբերութիւններուն միջեւ ուղղակի կապը եւ տագնապներու պարագային ժողովրդավարական կարգերու հաստատման վտանգը:

Աշխատանքային խումբերու շրջագիծին մէջ ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչ Անուշ Յովհաննիսեան իր ելոյթին ընթացքին կարեւոր նկատեց կեղծ լրատուութեան դէմ պայքարը` ժողովրդավարական զարգացումներ արձանագրելու ճամբուն վրայ: Ան անդրադարձաւ նաեւ արդի աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներուն մէջ  ապատեղեկատուութեան դերին ու նշանակութեան, անոր դէմ պայքարի եւրոպական մեթոտաբանութեան:

Հաւաքին երկրորդ օրը ներկաները ծանօթացան Եւրոպայի մէջ քաղաքական գաղափարախօսութիւններուն, կուսակցութիւններու  գաղափարախօսական փոխակերպումներուն եւ արդիականացումներուն վերաբերող հարցերուն, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու ներքին եւ արտաքին գործունէութեան ընթացքին թուային գործիքներու կիրարկման կարեւորութիւններուն:

Մասնակիցները կարեւոր նկատեցին նման հաւաքներու կազմակերպումը եւ շարունակական ընթացքը շրջանի երիտասարդ քաղաքական գործիչներու շրջանակին մէջ` շեշտը դնելով փորձի  փոխանակման դերի բարձրացման եւ նոր գիտելիքներու ձեռքբերման վրայ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը նոյնպէս կարեւոր կը նկատէ միջազգային, եւ յատկապէս շրջանային ծրագիրները, որոնք միտուած են տարբեր ձեւաչափերով համագործակցութեան եզրերու ստեղծման եւ ընդլայնման:

 

 

Նախորդը

Մոմավառութիւն` Ի Յիշատակ Մէկ Տարի Առաջ Զոհուած Ոստիկաններուն

Յաջորդը

«Անհրաժեշտ Է Նախագահներու Հաւանական Հանդիպումին Ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Վերաբերեալ Շօշափելի Ծրագիրի Քննարկում» Կ՛ըսէ Մամետեարով

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.