Երէկ տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան Անգլիոյ կրան փրին` Սիլվըրսթոնի վազքուղիին վրայ (52 լեփ):
Այս կրան փրիին տիրապետեց «Մերսետես»` նկատի ունենալով, որ անոր երկու վարորդները գրաւեցին առաջին երկու դիրքերը:
Անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն ապահովեց 25 կէտ` արձանագրելով 1 ժամ 21′ 27″ արդիւնք մը, մինչ անոր խմբակից Վալթերի Պոթաս (Ֆինլանտա) գրաւեց երկրորդ դիրքը` ապահովելով 18 կէտ (14″ ուշ):
Երրորդ դիրքը գրաւեց «Ֆեռարի»-ի ֆինլանտացի վարորդ Քիմի Ռայքոնըն (15 կէտ), որ արձանագրեց 36″ ուշացումով արդիւնք մը:
Այժմ Հեմիլթըն, որ վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ ունի 176 կէտ, մէկ կէտով միայն ետ կը մնայ «Ֆեռարի»-ի վարորդ գերմանացի Սեպասթիան Վեթելէն, որ երէկ հանդիսացաւ 7-րդ:



