Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոն Կ՛արձագանգէ. «Թուրքիա Երես Կը Թեքէ ՕԹԱՆ-Էն` Նախընտրելով Ձեռք Ձգել Ռուսական «Էս-400» Համակարգերը» Կը Գրէ «Փլումպըրկ»

July 17, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիա 2,5 միլիառ տոլար պիտի վճարէ` ձեռք ձգելու համար ռուսական «ԷՍ-400» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը:

Այս մասին կը յայտնէ «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը, որուն տուեալներով` Թուրքիա մտադիր է յաջորդ տարի Ռուսիայէն երկու «Էս-400» հակահրթիռային համակարգ ստանալ: Նոյնքան համակարգ ալ կը նախատեսուի աւելի ուշ կառուցել ինքնին Թուրքիոյ մէջ:

Ռուսական սպառազինութեան արտածումով զբաղող «Ռոսոպորոնէսփորթ» ընկերութեան ներկայացուցիչը նշած է, որ տակաւին չի կրնար մեկնաբանել Թուրքիոյ հետ գործարքին մանրամասնութիւնները:

Գործակալութիւնը կը նշէ, որ այս գործարքը կ՛ազդարարէ, որ Թուրքիա երես կը թեքէ ՕԹԱՆ-էն, որուն հետ համագործակցած է աւելի քան վեց տասնամեակ:

Աղբիւրը կը նկատէ, որ նախապէս եւս Թուրքիան պատրաստ էր կնքելու այդ գործարքը, սակայն անիկա իրականութիւն դարձաւ ՕԹԱՆ-ի դիրքորոշումին պատճառով: Անգարա նաեւ ստիպուած եղած է հրաժարիլ Չինաստանէն նոյնպիսի համակարգեր ձեռք ձգելու միտքէն` Ուաշինկթընի ճնշումին պատճառով:

«Պլումպըրկ»-ի աղբիւրը նաեւ նշած է, որ թէեւ ռուսական համակարգերը համատեղելի չեն ՕԹԱՆ-ի սպառազինութեան հետ, Թուրքիա զանոնք կրնայ տեղակայել այնպիսի շրջաններու մէջ, ուր ՕԹԱՆ-ի ղեկավարութեան որոշումով որոշակի սահմանափակումներ կան. այդպիսի տարածքներու շարքին են Հայաստանի եւ Յունաստանի հետ սահմանը, Եգէական ծովուն ափերը:

Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Տիրիոզ յայտարարած է. «Թուրքիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը չի խոչընդոտեր բազմաբեւեռ արտաքին քաղաքականութեան կիրարկման, ներառեալ Անգարային «Էս-400» համակարգերու մատակարարումները»:

Թուրքիոյ դեսպանը նաեւ նշած է, որ Անգարային «Էս-400»-ներու մատակարարումներուն հարցին մէջ կայ յառաջընթաց, եւ թեքնիք խորհրդակցութիւնները լաւ կ՛ընթանան:

«Կայ յառաջընթաց, թեքնիք խորհրդակցութիւնները կ՛ընթանան դրական ուղղութեամբ, հանդիպումները կը շարունակուին», յայտարարած է դեսպանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք ստորագրուա՞ծ է Անգարային այդ համակարգերու մատակարարման մասին համաձայնագիրը:

Փենթակոնի Արձագանգը

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս լրագրողներու հետ հանդիպումի ընթացքին Թուրքիոյ այդ ծրագիրը նկատած է «երկրին գերիշխան որոշումը»: Այս մասին կը հաղորդէ Փենթակոնի կայքը:

Մաթիսի համաձայն, հաւանական գործարքը հարցեր կը յառաջացնէ, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս կրնայ ապահովել ռուսական համակարգերու համատեղելիութիւնը ՕԹԱՆ-ի սպառազինութեան հետ: «Անոնք երբեք համատեղելի պիտի չըլլան», ըսած է Փենթակոնի ղեկավարը:

Ան կոչ ուղղած է հետեւելու իրադարձութիւններու զարգացման: «Իսկապէ՞ս անոնք պիտի կիրարկեն «Էս-400»-ները», նշած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը:

Նախորդը

Մքկըրք. «Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Հանրաքուէն Ճիշդ Ժամանակին Չէ Ծրագրուած»

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Ձերբակալուած Է Նախագահի Եղբայրը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.