Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Անփոխարինելի Կը Նկատէ Լիբանանահայ Լրատուամիջոցներուն Դերակատարութիւնը

July 15, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 14 յուլիս 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հանդիպումը Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:

«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան ողջունեց ներկաներն ու նախարարը:

Ապա նախարար Յակոբեան անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ նախորդող օրերուն Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցած «Սփիւռքը նոր հորիզոններու դիմաց. Սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումին` անոր ընթացքին քննարկուած հարցերուն ընդհանուր ներկայացումը կատարելով եւ շեշտելով, որ ինքնութեան պահպանման ծիրին մէջ անփոխարինելի եւ մեծ է թերթերուն դերակատարութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ յատուկ կերպով պէտք է ուշադրութիւն դարձնել երիտասարդութեան, ելեկտրոնային տարբեր միջոցներով միշտ փորձել անոնց հետ կապ պահել` միշտ ներկայացնելով հայկական իրականութեան մէջ պայծառ ու հպարտութիւն առթող դէմքերն ու դէպքերը, մղել զանոնք, որ հպարտ զգան իրենց հայկական ինքնութեամբ: Նախարարը կարեւոր նկատեց նաեւ Արցախի նիւթը մնայուն լուսարձակի տակ պահել, ազատագրուած հողի պահպանման համար պայքարին վրայ շեշտը դնել, ինչպէս նաեւ անդրադառնալ Հայաստանի մէջ կատարուող բարեփոխումներուն, յատկապէս տնտեսական նոր քաղաքականութեան, որուն ճամբով առեւտրականներն ու գործարարները աւելի ընդարձակ կարելիութիւններ պիտի ունենան: Հրանուշ Յակոբեան շեշտեց, որ լրատուամիջոցները պէտք է գործեն այնպէս, որ հայաստանեան քիչ մը բարդ թուացող օրէնքները աւելի պարզ ու մատչելի ոճով ներկայացուին գործարարներուն, որպէսզի անոնք գիտակցին, թէ հայրենիքի մէջ աշխատանքի նախաձեռնելու ի՛նչ կարելիութիւններ կան:

Շնորհակալութիւն յայտնելով լրատուամիջոցներուն` սփիւռքի նախարարութեան բազմաբնոյթ ու բազմաճիւղ աշխատանքներուն մասին հանրային կարծիքը տեղեակ պահելնուն համար` ան կարեւոր նկատեց այս մէկը, որովհետեւ, ըստ նախարարին, լրատուամիջոցները նախարարութեան նեցուկը, զէնքը, դեսպաններն ու ներկայացուցիչներն են, որոնց ճամբով նախարարութիւնը իրազեկ կ’ըլլայ սփիւռքի պահանջներուն ու ակնկալութիւններուն, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութիւնը կը ծանօթանայ նախարարութեան գործունէութեան:

Իր խօսքի վերջին բաժինով, սփիւռքի նախարարը խօսեցաւ Համահայկական 6-րդ համաժողովին մասին, որուն շուրջ նախատեսուած է համախմբել 1500-1600 հայեր, ինչ որ ցոյց կու տայ հայութեան հզօրութիւնը, միասնականութիւնը, նման նախաձեռնութիւն նաեւ ուժի ցուցադրութեան առիթ է` յաչս թշնամիին, ինչպէս նաեւ առիթ է տարբեր կողմերու միջեւ կապերու հաստատման, համագործակցութեան նոր հորիզոններու ստեղծման: Նախարարը խօսեցաւ համաժողովին ընթացքին տեղի ունենալիք ժողովներուն, կլոր սեղաններուն, մշակութային նախաձեռնութիւններուն եւ տրուելիք այցելութիւններուն մասին` մաղթելով, որ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները  մասնակցին նման կարեւոր համաժողովի:

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Հերթական Գործուղումը` Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

Յորդանանի Թագաւորը Կը Դրուատէ Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Զինադադարի Հաստատման Հարցով Փութինի Եւ Թրամփի Ջանքերը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.