Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Այցելած Է Տաւուշի Մարզ

July 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան երէկ առաւօտեան աշխատանքային այցելութեամբ հասած է Տաւուշի մարզ, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապի վարչութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը այցելած է հիւսիսարեւելեան սահմանագօտիի մարտական դիրքերէն մէկը` շրջագայած է մարտական յենակէտի մէջ եւ ծանօթացած ծառայութեան ու զինուորներու կենցաղային պայմաններուն, երկրաչափական եւ ամրաշինական կառոյցներու, մարտական պատրաստականութեան վիճակին: Հանրապետութեան նախագահը նուէրներով խրախուսած է ծառայութեան ընթացքին անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ աչքի ինկած խումբ մը սպաներ եւ զինուորներ: Նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է հայրենիքի պաշտպաններուն, մաղթած անոնց յաջողութիւն, բարի ծառայութիւն եւ ընդգծած, որ անոնց բարեխիղճ ծառայութիւնը կը գնահատուի եւ անոնց շնորհիւ մեր ժողովուրդը կրնայ հանգիստ ապրիլ, աշխատիլ եւ զարգացնել մեր հայրենիքը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այնուհետեւ մասնակցած է Իջեւանի մէջ տեղակայուած զօրամասի նոր մնայուն տեղակայման վայրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են պաշտպանութեան նախարարը, զօրամասի հրամանատարը, զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդը, պարտադիր ժամկէտային զինուորներէն մէկը: Նորակառոյց զինաւանի բացման նուիրուած հանդիպումէն եւ հանդիսաւոր երթէն ետք հանրապետութեան նախագահը շրջագայած է զօրանոցին մէջ, ծանօթացած պայմաններուն, զրուցած անձնակազմին  հետ եւ զինուորական ճաշարանին մէջ ճաշած զինուորներուն ու հրամանատարներուն հետ:

Նոյն օրը պաշտպանութեան նախարարութեան Դիլիջանի «Լեռնային Հայաստան» առողջարանին մէջ նախագահը հարցազրոյց տուած է «Արմենիա» պատկերասփիւռի կայանի «Ռ-էւոլիւցիա» հաղորդաշարին:

Նախորդը

Արագածոտնը Նոր Մարզպետ Ունի

Յաջորդը

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագրեալ Համախմբումը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.