ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այս արձակուրդին նոր բարեկամներ պիտի ունենաք եւ, ինչո՞ւ չէ, հաւանաբար ձեր կեանքի ընկերը կամ ընկերուհին գտնէք, ամէն պարագայի, շատ յատկանշական արձակուրդ մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ դժուար կացութեան մէջ էք եւ անտրամադիր, շատ մի՛ մտահոգուիք. այս նեղ օրերէն պիտի ձերբազատիք եւ փայլուն ու դիւրին կեանք մը պիտի ունենաք: Վայելեցէք այդ ուրախ օրերը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Դիւրին արտայայտուելու կարողութիւնը ունիք, ձեր իմացականութիւնն ալ բարձր է եւ գնահատելի: Ձեր բարեկամները յաճախ ձեր կարծիքին կը դիմեն, եւ անոնք շատ գոհ կը մնան ձեզմէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ պատրաստակամ էք, եւ ձեր գործընկերները հաճոյքով կ՛աշխատին ձեզի հետ, նոյնիսկ ձեր մեծաւորները պիտի գնահատեն ձեր գործը եւ մօտ ապագային նիւթական յաւելում պիտի ընեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան կեանքին մէջ ինքնագլուխ մի՛ ըլլաք, ձեր շրջապատը մտիկ ըրէք, քանի որ անոնք լաւ կարծիքներ կրնան ունենալ: Այս ձեւով ընտանիքը լաւ հիմերու վրայ կը դրուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ընտանիքին մէջ ոչ մէկ դեր կ՛ուզէք ունենալ. ասիկա անտարբերութեան կ՛առաջնորդէ, եթէ ընտանիքին անդամ էք, պէտք է ձեր պատասխանատուութիւնը ստանձնէք եւ օգտակար դառնաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընտանիքով հաճելի արձակուրդ մը պիտի ունենաք: Դուք եւ ձեր զաւակները նորութիւններ պիտի տեսնէք` մանաւանդ մշակութային կեդրոններ այցելելով: Ձեր ճաշակը պիտի զարգանայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր անցեալին գործած սխալներուն անդրադառնալով` նոր կեանք մը պիտի սկսիք: Մոռցէք անցածը եւ բարձր տրամադրութեամբ ձեր ապագան կերտեցէք: Յաջողութի՛ւն ձեզի:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ զաւակներ ունիք, ամրան ընթացքին անոնք բոլորովին ազատ պէտք չէ զգան: Պէտք է հսկէք անոնց վրայ, որպէսզի յաջորդ տարուան աւելի պատրաստուած դպրոց յաճախեն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր օրերը մի՛ դժուարացնէք: Կեանքի մէջ դժուարութիւններ կան արդէն: Գոհացէք ձեր առօրեայով եւ ուրախացէք պարզ բաներով: Լաւատեսութիւնը ուրախութիւն կը պատճառէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սննդականոնը բնաւ կարեւորութիւն չունի ձեզի համար, շատ կը սիրէք ճարպով հարուստ ուտելիքները: Ամառ է եւ պէտք է զգուշանալ: Թեթեւ ուտելիքներ ուտելով` աւելի առողջ կ՛ըլլաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձուկերը ընդհանրապէս սննդականոնի կը հետեւին եւ մարմնամարզի կը հետեւին. դուք ալ ձեր կարգին նոյնը ըրէք, որպէսզի առողջ մնաք եւ հաճելի ամառ մը բոլորէք: Առողջ միտք` առողջ մարմնի մէջ:
