Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հոլանտական Կառավարութիւնը Անցանկալի Կը Նկատէ Թուրքիոյ Փոխվարչապետին Հոլանտա Այցելութիւնը

July 8, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ երկրին կառավարութիւնը անցանկալի կը նկատէ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Թուղրուլ Թիւրքեշի այցելութիւնը Հոլանտա` Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձի առաջին ամեակի նշման ձեռնարկներուն մասնակցելու համար:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն նշած են, որ այցելութիւնը յատկապէս ցանկալի չէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող վերջին լարուածութեան լոյսին տակ` աւելցնելով, որ իրենց որոշումը մարտին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն հետեւանքն է:

Մարտ 2017-ին Հոլանտայի իշխանութիւնները չէին արտօնած Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի օդանաւին մուտք գործել Հոլանտա, ուր ան ծրագրած էր Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէի քարոզարշաւին ծիրին մէջ հանդիպում ունենալ Հոլանտայի թրքական համայնքին հետ:

Բացի ատկէ, Հոլանտա երկրէն արտաքսած էր Թուրքիոյ ընտանիքի հարցերով նախարար Ֆաթմա Պեթիւլ Սայան Քայան, որ փորձած էր ցամաքային ճամբով մուտք գործել Հոլանտա` մասնակցելու համար համայնքի ձեռնարկին: Ի պատասխան այդ քայլերուն` Չաւուշօղլու Հոլանտան անուանած էր «ֆաշականութեան մայրաքաղաք»:

Թուրքիա Հոլանտային յանձնած էր երկու բողոքագիր, ապա արգիլած Անգարայի մէջ Հոլանտայի դեսպանին արձակուրդէն Թուրքիա վերադարձը, ինչպէս նաեւ ջնջած Հոլանտայէն եկող բոլոր դիւանագիտական թռիչքները եւ բարձրաստիճան հանդիպումները:

 

 

Նախորդը

Ըստ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Թուրքիոյ Մասին Եւրոպական Խորհրդարանի Որդեգրած Բանաձեւը Հիմնուած Է Բամբասանքներու Վրայ

Յաջորդը

Փութին-Թրամփ Առաջին Հանդիպումը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.