Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

October 24, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի Լիբանան կատարելիք այսօրուան պաշտօնական այցելութիւնը ջնջուեցաւ` անորոշ պատճառներով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ շեշտեց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազին շնորհիւ է, որ լիբանանցիները ապահով կ՛ապրին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ղեկավարած վարչակարգին տապալումը շատ դժուար է. անոնք նշեցին նաեւ, որ իրենք պիտի չձգեն, որ նախագահ Ասատի վարչակարգը փլուզուի, ինչ ալ ըլլան պայմանները:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա «Նաշրա» կայքէջին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` կառավարութենէն դուրս գալը պիտի չտապալէ կառավարութիւնը, որովհետեւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն ոմանք կը փափաքին մաս կազմել այդ կառավարութեան:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակը Սուրիոյ հետ Լիբանանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ իր գոյութիւնը կ՛ամրապնդէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործած է` խախտելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ: Նշենք նաեւ, որ Մերժահիունի եւ Պընթ Ժպէյլի վերեւ կատարուած թռիչքներուն կողքին իսրայէլեան օդուժը գործած էր նաեւ կեղծ յարձակումներ:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ քաղաքական վերլուծաբան Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Հըզպալլա համաձայն են Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման գծով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Դամասկոսի այցելուներէն, հաղորդեց, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը խիստ նեղացած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ներկայիս յաւելուած արժէքի տուրքը 15 առ հարիւր է եւ ոչ թէ 10 առ հարիւր, իսկ հակառակը ըսելը մեծ սուտ մըն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա քինախնդրութեան քաղաքականութիւն կը գործադրէ` ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն Ուիսամ Հասանի պաշտօնի բարձրացումը վեթոյի ենթարկելու իր որոշումին ընդմէջէն:

ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան երէկ Դամասկոսի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ  Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ժըպրիլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ պաղեստինցի ժողովուրդին անկախ պետութիւն ունենալու իրաւունքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը քաղաքականացած լրատուամիջոցներու կողմէ ոչ միայն լուսարձակի տակ կ՛առնուի, այլեւ` խոշորացոյցով կը դիտուի:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Սոնիա Ֆրենժիէ յայտնեց, որ մէկ միլիոն չորս հարիւր հազար կտոր զէնք հիւսիսային Լիբանանէն փոխադրուած է Սուրիա: Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելէ առաջ պէտք է մտածենք Լիբանանի մէջ աղքատութեան վերջ տալու մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ընդդիմութիւնը ներկայացնող ուժեր քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը պիտի չֆինանսաւորուի, կառավարութիւնը պիտի չհրաժարի, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնները պիտի չխզէ:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով իր տուած խոստումին յանձնառու պիտի չմնայ:

 

 

 

Նախորդը

ՈՒԺԳԻՆ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ՑՆՑԵՑ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Յաջորդը

ՍԱՅԻՏԱԹ ԺԱՊԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԻՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.