Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Կը Զօրակցի Բանակին` Մերժելով Անոր Նուիրումը Կասկածի Տակ Առնող Իւրաքանչիւր Արտայայտութիւն

July 6, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` զսպումի ենթարկելու եւ հալածելու համար օրինազանցները, ինչպէս նաեւ հետապնդելու համար ահաբեկիչները:

Նախագահ Աուն զգուշացուց սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայրերու վերածելէ:

Նախագահ Աուն գործակցութեան կոչ ուղղեց բանակին, ապահովութեան ուժերուն եւ ժողովուրդին միջեւ` տապալել կարենալու համար ահաբեկչութիւնը:

Նախագահ Աուն նշեց, որ վարչապետէն ստացած է օրէնքներու եւ որոշումներու շարք մը, որ տարիներէ ի վեր չէ գործադրուած` աւելցնելով, որ այդ ցանկը Հարիրի իր կարգին ստացած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն:

Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց խստացնելու ծովային կալուածներուն դէմ գործուած ոտնձգութիւններուն հետապնդումն ու պատիժը:

Ան հաստատեց, որ ինք յանձնառու կը մնայ Լիբանանի սահմանադրութեան ամբողջական գործադրութեան, յատկապէս թիւ 52 յօդուածին ամբողջական գործադրութեան` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութեան կողմէ վարկ ստանալու նպատակով կատարուելիք դիմումները պիտի չվաւերացնէ, եթէ զանոնք լաւապէս ուսումնասիրած չըլլայ:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի առաջարկեց մշակել ապահովական ծրագիր մը, որուն լոյսին տակ կարելի ըլլայ ապօրինի զէնքերը գրաւել` կասեցնելով ապահովութեան խախտումները:

Վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղեց արդարութեան նախարարին վերատեսութեան ենթարկելու դատական իշխանութիւններուն արձակած վճիռները` յատկապէս խստացնելով քրէական յանցանքներուն պարագային սահմանուելիք պատիժները:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ նիստէն ետք ներկայացուց նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի վերոնշեալ յայտարարութիւնները, աւելցուց նաեւ, որ կառավարութիւնը բարձր գնահատած է լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` անոր կատարած կանխարգելիչ գործողութիւններուն առիթով:

Ռիաշի շեշտեց, որ նախարարաց խորհուրդը կը դրուատէ բանակին առած քայլը, որուն շնորհիւ արգիլուեցաւ տեղահանուած սուրիացիներու գաղթակայանները ահաբեկիչներու ապաստանարանի վերածելու երեւոյթը:

Ռիաշի ընդգծեց, որ կառավարութիւնը կը զօրակցի բանակին` մերժելով անոր նուիրումը կասկածի տակ առնող իւրաքանչիւր արտայայտութիւն:

Ռիաշի յայտնեց նաեւ, որ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի օդը կրակելու պատճառով ձերբակալուած քաղաքացիներուն հարցաքննութեան մասին ամբողջական տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ 15 օր ետք:

Ռիաշի նշեց, որ օգոստոս ամսուան ընթացքին Հարիրի պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ, ինչպէս նաեւ ան պիտի այցելէ Ֆրանսա եւ Ռուսիա:

Ռիաշի ըսաւ, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին իմաստով վարչապետ Հարիրի հաստատած է, որ անոնց տունդարձը ամէնէն մօտիկ ապագային փափաքելի է` աւելցնելով սակայն, որ այդ թղթածրարին առումով սուրիական վարչակարգին հետ գործակցելու շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի:

Ռիաշի աւելցուց, որ Հարիրի նախընտրած է խնդրայարոյց հարցերը մէկդի դնել:

Նախորդը

Մաշնուք. «Տարբեր Առիթներով Օդը Կրակելը Ամօ՛թ Է Մեզի»

Յաջորդը

Թուրք Ոստիկանը` Տինքը Սպաննողին Հետ Լուսանկարուելու Մասին. Դատախազը Եկաւ Եւ Պահանջեց Լաւ Վերաբերում Ցոյց Տանք Սամասթին, Որպէսզի Ամէն Բան Դիւրին Պատմէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.