
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթըն յայտարարած է, որ Իրանի հիւլէական հարցին շուրջ բանակցային հոլովոյթը կրնայ վերսկսիլ յառաջիկայ շաբաթներուն:
«Իրանի հետ անոր հիւլէական հարցին շուրջ «վեցիակ»ի (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Գերմանիա, Չինաստան) բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ յառաջիկայ շաբաթներուն, եթէ Թեհրան լուրջ քննարկումներու պատրաստ ըլլայ», ըսած է Էշթըն:


