Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Գահիրէի Մէջ` Արաբական Չորս Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

July 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթար Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Փակելու Թրքական Ռազմակայանը, Սակայն…

Մինչ Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին քաթարեան ճգնաժամը քննարկելու համար այսօր Գահիրէի մէջ հանդիպում ունենալու, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Անուար Քըրքաշ ընկերային ցանցի վրայ յայտարարեց. «Կանգնած ենք պատմական ջրբաժանի մը դիմաց, որ որեւէ կապ չունի գերիշխանութեան հետ: Ատոր խորքը հաւաքական ընթացքն ու յանձնառութիւնն է. կա՛մ հասարակացին նախանձախնդիր կ՛ըլլանք եւ զայն սահմանափակելէ ու քանդելէ ետ կը հրաժարինք, կամ ալ բաժանումն է»:

«Մայատին» հրապարակեց Քաթարի կողմէ իրեն ներկայացուած պահանջներուն պատասխանը, որ յանձնած է Քուէյթի: Իր պատասխան փաստաթուղթին մէջ Քաթար պատրաստակամութիւն կը յայտնէ Իրանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու մակարդակը նուազեցնելու, եթէ Ծոցի բոլոր երկիրները եւս այդ քայլին յանձնառու ըլլան եւ իրենց երկիրներէն վտարեն Իրանի քաղաքացիները: Ան նաեւ պատրաստ է Իրանի հետ տնտեսական յարաբերութիւնները խզելու, պայմանով, որ Ծոցի երկիրները, մասնաւորաբար Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Իրանի հետ իրենց տնտեսական յարաբերութիւնները խզեն:

Քաթար պատրաստակամութիւն կը յայտնէ իր հողերուն վրայ գտնուող թրքական ռազմակայանը փակելու` պայմանով, որ Ծոցի երկիրները իրենց կարգին փակեն իրենց հողերուն վրայ գտնուող օտար երկիրներու ռազմակայանները:

Տոհան հերքեց ՄԱԿ-ի կողմէ ահաբեկչական նկատուող որեւէ կազմակերպութեան հետ կապ ունենալ` աւելցնելով, որ Իսլամ եղբայրները այդ կազմակերպութիւններու շարքին չէ:

Քաթար մերժեց ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման անհիմն ամբաստանութիւնը` աւելցնելով, որ յանձնառու չէ արաբական չորս երկիրներու ներկայացուցած ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին, այլ միայն ՄԱԿ-ի ցանկին:

Քաթար կը մերժէ իր հողերուն վրայ բնակող «քաղաքական ապաստանեալները կամ իրաւազրկուած սիւննի իսլամները» արտայանձնել:

Քաթար կը մերժէ փակել որեւէ պետական կամ ոչ պետական պատկերասփիւռի կայան, մինչեւ որ չփակուին «Արապիա», «Սքայ Նիուզ», «Հատաս», «Էմ.Պի.Սի.» եւ եգիպտական պատկերասփիւռի կայանները:

Քաթար իր ոչ պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ հերքեց Ծոցի երկիրներուն ներքին գործերուն միջամտելու ամբաստանութիւնը` նշելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը միջամտեն Քաթարի ու Քուէյթի ներքին գործերուն եւ Օմանի մէջ յեղաշրջում կը պատրաստեն:

Քաթար հերքեց, թէ Ծոցի երկիրներու ընդդիմադիրներուն հետ կապեր ունի եւ անոնց կ՛աջակցի` շեշտելով, որ քաղաքացիութեան շնորհումը գերիշխանական հարց է:

Տոհա նաեւ մերժեց արաբական չորս երկիրներուն փոխհատուցում վճարել` պահանջելով, որ այդ երկիրները իրենք փոխհատուցում վճարեն իրենց գործած «անմտութեան» պատճառով Քաթարի կրած վնասներուն համար:

Միւս կողմէ` դիւանագիտական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Տոհայի վրայ դիւանագիտական ճնշում կը բանեցնէ, որպէսզի վերջինս իրեն ներկայացուած պահանջներուն դիմաց յառաջիկայ ժամերուն կատարէ կարգ մը իսկական զիջումներ, որոնք ճամբայ կը հարթեն բանակցութեան եւ տագնապի լուծման:

Ըստ լրատուական աղբիւրներուն, ամերիկեան կողմը կը կեդրոնանայ Քաթարէն ելեւմտական արտաքին գործողութիւններու հսկողութեան, «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանի վերակազմակերպման եւ Իսլամ եղբայրներու Տոհա գտնուող անդամներու զսպման թղթածրարներուն վրայ:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանը 350 Դիւանագիտական Թռիչք Իրականացուցած Է` Ահաբեկիչները Զինելու Համար

Յաջորդը

Քրեմլին. «Փութինի Եւ Թրամփի Հանդիպում` 7 Յուլիսին»

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.