Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանը 350 Դիւանագիտական Թռիչք Իրականացուցած Է` Ահաբեկիչները Զինելու Համար

July 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուլկարիոյ ամէնէն մեծ տպաքանակով օրաթերթը նկատուող «Թրուտ» պարբերականի կայքին մէջ 2 յուլիսին հրապարակուած է աղմկայարոյց հետաքննութիւն մը, որ խօսուն փաստերու եւ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերու հիման վրայ կը բացայայտէ ազրպէյճանական պետական օղակներու ուղղակի ներգրաւուածութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ գործող իսլամական ահաբեկչական խումբերու զինման:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի` յօդուածագիր Տիլեանա Կայդանճիեւայի հետաքննական նիւթին մէջ անդրադարձ կատարուած է յատկապէս Ազրպէյճանի «Սիլք Ուէյ Էրլայնզ» պետական ընկերութեան կողմէ դիւանագիտական բեռներու անուան տակ քողարկումով Սուրիա, Իրաք, Աֆղանիստան, Փաքիստան եւ Քոնկօ զէնքի անօրինական եւ լայնածաւալ արտածման ու վաճառքին:

Յօդուածը հրապարակուած է, երբ պուլկարացի կայքահէններու «Անոնիմըս Պուլկարիա» խումբը կոտրած է Սոֆիայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան ցանցը եւ փաստաթուղթերը դարձուցած հասանելի: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ վերջին երեք տարիներուն ազրպէյճանական ընկերութիւնը քողարկուած է դիւանագիտական ծխածածկոյթով` աշխարհի տարբեր թէժ կէտեր տասնեակ թոներով զէնք եւ զինամթերք ուղարկելու համար: Այդ զինատեսակներուն մեծ մասը օգտագործուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններու կողմէ: Յօդուածագիրը կը նշէ նաեւ, որ Ազրպէյճանի տեղափոխած զէնքերուն մէկ մասը կրնայ օգտագործուած ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Խօսուն փաստերով կ՛ապացուցուի, որ 2016-ին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը` հայկական կողմին` սպիտակ ֆոսֆոր օգտագործելու մասին, կեղծիք է:

Իբր թէ Ազրպէյճանէն զինուորականներու կողմէ գտնուած նռնակը ամենայն հաւանականութեամբ, եղած է անօրինականօրէն տեղափոխուող զէնքերու խմբաքանակէն: Օգտագործուած է Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան հասցէն` պետական ընկերութիւնը իրականացուցած է անօրինական գործունէութիւն, որ անհնար պիտի ըլլար առանց Պաքուի բարձրագոյն իշխանութեան արտօնութեան ու գիտութեան: Հասանելի դարձած փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ Ազրպէյճանը նմանօրինակ գործելաոճ որդեգրած է ո՛չ միայն Պուլկարիոյ, այլեւ շարք մը երկիրներու պարագային, ուր գործող դեսպանատուները Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութենէն համապատասխան կարգադրութիւններ ստացած են:

Տեղի ունեցածը ո՛չ միայն միջազգային իրաւունքի, այլ նաեւ` Օդային փոխադրամիջոցի միջազգային ընկերութեան (IATA) չափանիշները աղաղակող խախտում է, որուն համար բազմաթիւ երկիրներու պատասխանատուներ (ըստ յօդուածագիրին` Պուլկարիա, Սերպիա, Ռումանիա, Չեխիա, Հունգարիա, Սլովաքիա, Լեհաստան, Թուրքիա, Գերմանիա, Բրիտանիա, Յունաստան եւ այլն) աչք փակած են: Ազրպէյճանական թռիչուղիներու ընկերութեան կարեւոր յաճախորդներէն ու առեւտրական «դիւանագիտական զէնքի տեղափոխման» ծառայութիւններէն օգտուած են նաեւ ամերիկեան կազմակերպութիւններ, որոնք զէնք կը մատակարարեն Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու տարբեր ստորաբաժանումներուն: Ըստ գնումներու դաշնային համակարգի տուեալներուն, վերջին երեք տարուան ընթացքին ամերիկեան  շարք մը ընկերութիւններ ստացած են մէկ միլիառ տոլար` զէնքի արտադրութեան ու արտածման համար եւ անոնք բոլորը օգտուած են «Սիլք Ուէյ Էրլայնզ» ընկերութեան ծառայութիւններէն:

Ընկերութեան օդանաւերու գերծանրաբեռնուածութեան կամ անհասանելիութեան պարագային օգտագործուած են Ազրպէյճանի բանակի ինքնաթիռները, սակայն նշուած զէնքէն ոչ մէկը հասած է Ազրպէյճան, ինչ որ կը փաստէ զէնքի անօրինական առեւտուրին մէջ պետութեան անմիջական ներգրաւուածութիւնը: Ամերիկեան ընկերութիւններու առաքումները մեծ մասամբ կ՛անցնին Քայիտայի մասնաճիւղ հանդիսացող Նուսրային կամ կ՛ուղարկուին Աֆղանիստան: Ընկերութեան ծառայութիւններէն օգտուող այլ պետութիւններէն են Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որոնցմէ առաջինը Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ձեռք կը բերէ զինատեսակներ եւ զանոնք կ՛առաքէ Ափրիկէի տարբեր երկիրներ, նաեւ` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան: Բացի 2015 մարտ-մայիս ամիսներէն ընկերութեան տեղափոխած շուրջ 202 թոն սպիտակ ֆոսֆորէն (Սերպիայէն եւ Պուլկարիայէն, վերջնական կանգառը` Քապուլ), ընկերութեան գործունէութեան իբրեւ արդիւնք լուրջ զինատեսակներ յայտնուած են Պուրքինա Ֆասոյի եւ իսլամական պետութեան զինեալներու ձեռքին:

Յատկանշական է, որ ընկերութիւնը ներգրաւուած եղած է հիւսիսային Սուրիոյ տարածքին գործող քիւրտերը եւ Թուրքիոյ դէմ պայքարող Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը զինելու գործին: Քիւրտերուն նկատմամբ նման «բարեհաճութիւն»-ը, ըստ հեղինակի, կապուած է այն հանգամանքին, որ Ազրպէյճանի առաջնորդը ունի քրտական ծագում: Հետաքննութեան բոլոր կողմերուն պարզաբանումներու համար դիմած լրագրողը` դեռ որեւէ մեկնաբանութիւն չէ ստացած:

 

Նախորդը

«Ճորճ Պուշ» Օդանաւակիրը Արթուն Կանգնած Է Դամասկոսի Դաշնակիցներուն Դիմաց» Ըսաւ Օդանաւակիրի Հրամանատարներէն Մէկը

Յաջորդը

Այսօր Գահիրէի Մէջ` Արաբական Չորս Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Ժողով

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.