Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՊ Էլիասի սուրիական գաղթակայանին մէջ երէկ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որուն պատճառով զոհուեցան երկու երեխաներ:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը միակ կողմն է, որ իրաւունք ունի պաշտպանելու Լիբանանը:

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, ինք կը մերժէ Հըզպալլայի ընհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն յայտարարութիւնը, թէ օտար միլիսներ կրնան գալ Լիբանան:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի կարեւոր նկատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ Քաայի բնակչութեան գոյատեւումը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանը հարցերէ հեռու պահելու իմաստով նուազագոյն համաձայնութիւն գոյացած է:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն ֆինանսաւորումը պէտք է թափանցիկ ըլլայ:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդական հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ ժխտական վերաբերում ցուցաբերել բանակին եւ Դիմադրութեան նկատմամբ: Ան կոչ ուղղեց կառավարութեան հոգալու լիբանանցիներուն կարիքները:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ շեշտեց, որ լիբանանցին կրնայ միտքը հանգիստ եւ ապահով քնանալ` նկատի ունենալով, որ Զահլէէն Պէյրութ ահաբեկչական բոլոր ծրագիրները ձախողած են: Ան կոչ ուղղեց սուրիացի տեղահանուածները փոխադրելու Սուրիոյ ապահով վայրերը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէնէն աւելի յանձնառու է պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին եւ գործունէութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք միշտ զօրակից եղած են առարկայական սահմաններու մէջ գտնուող աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա շեշտեց, որ Մեհրապի հաշտութիւնը ռազմավարական որոշում էր` աւելցնելով, որ քրիստոնեայ քաղաքական ուժերուն շահերը կարմիր գիծ են:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ դրուատեց Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի գործողութիւնը` հաստատելով, որ այդ գործողութեամբ բանակը լիբանանցիները պաշտպանած է ականուած գօտիներով կատարուելիք անձնասպանական գործողութիւններէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ կը ջանայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտել` աւելցնելով, որ սուրիացի գաղթակայանները միայն տեղահանուածներուն ապաստանը չեն նկատուիր:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ հաստատեց, որ բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը անոր տուած է ահաբեկչական գործողութիւնները հարուածելու ուժը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Մըքտատ լիբանանեան բանակը շնորհաւորեց Արսալի մէջ անոր գործած զինուորական յատուկ գործողութեան առիթով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու պայմանաժամը տակաւին չէ հասած:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին եւ Պեքաայի բնակչութեան քաջութիւնը ահաբեկչութեան դէմ մղուած պատերազմին յաղթանակը պիտի հաստատէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակին զօրակցութեան առումով երկրին քաղաքական իշխանութիւնները միասնական են:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր կոչ ուղղեց ահաբեկիչներուն վրայ գտնուող հովանաւորութիւնը վերցնող ազգային-քաղաքական որոշում մը տալու եւ սուրիական պետութեան հետ գործակցելու:

ԱՐՍԱԼի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի հաստատեց, որ Արսալի մէջ կացութիւնը հանդարտ է եւ խաղաղ` աւելցնելով, որ իրենք լիբանանեան բանակին վրայ կատարեալ վստահութիւն ունին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն այցելեց Արսալի մէջ կատարուած գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած բանակայիններուն` անոնց մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի միջեւ հանդիպում մը, որ տեղի պիտի ունենայ Տիմանի մէջ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ ընտրական դաշինքները բաց են եւ հաւանականութիւնները շատ են:

 

Նախորդը

Դամասկոսի Մէջ Երեք Պայթումներ Պատճառեցին Զոհեր Ու Վիրաւորներ

Յաջորդը

Միքաթի Կոչ Ուղղեց Արագօրէն Ճշդելու Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.