Եուվենթուսին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Տենի Ալվես հեռացաւ իր ակումբէն, յայտնեց իտալական ակումբին պաշտօնական կայքը:
Թէեւ Եուվենթուսի հետ Ալվեսի պայմանագրութիւնը նախատեսուած էր մինչեւ 2018, սակայն երկկողմանի համաձայնութեամբ, այդ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ:
Ներկայիս կը խօսուի շարք մը ակումբներու մասին, որոնց կրնայ միանալ Ալվես:
Սակայն ըստ որոշ տարաձայնութիւններու, Ալվեսի յաջորդ ակումբը պիտի ըլլայ Մանչեսթըր Սիթին:



