Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Մկրտչեան Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

June 24, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ, թէ նախարար Լեւոն Մկրտչեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան  Ճուտիթ Ֆարնուորթինը եւ Բրիտանական խորհուրդի հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Արեւիկ Սարիբեկեանը:

Ողջունելով  հիւրերը`  նախարարը կարեւոր նկատած է Հայաստանի մէջ դեսպանատան եւ Բրիտանական խորհուրդի գործունէութիւնը` յատկապէս կրթութեան համակարգին մէջ իրականացուող թիրախային ծրագիրներու  առումով: Անդրադառնալով կրթութեան համակարգին մէջ ընթացող բարեփոխումներուն` Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ ներկայիս կը մշակուի  օտար լեզուներու դասաւանդման զարգացման հայեցակարգը: Այդ շրջագիծին մէջ` նախարարը կարեւոր նկատած է մեր երկրին մէջ անգլերէնի խորացուած ուսուցումով դպրոցներու թիւի բարձրացման, ուսուցիչներու վերապատրաստման, անգլերէնի տարածման եւ զարգացման ուղղութեամբ գործնական քայլերը:

Հանդիպումին ընթացքին նախարարը ներկայացուցած է կրթական բարեփոխումներուն հիմնական ուղղութիւնները:

Իր կարգին, դեսպան  Ֆարնուորթին շնորհակալութիւն յայտնելով կրթական մարզին մէջ համագործակցութեան համար` հաստատած է, որ դեսպանատունը գործուն մասնակցութիւն պիտի ունենայ կրթական համակարգի տարբեր օղակներուն մէջ համագործակցութեան աշխուժացման եւ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկած են հետագայ համագործակցութեան առնչուող  շարք մը աշխատանքային հարցեր:

«Հայկական Երազանքի Նաւը Տանիլ Դէպի Մեծ Ծով»

23 յունիսին տեղի ունեցած է  «Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոց եւ համայնքային կեդրոն» կրթական համալիրի առաջին շրջանաւարտներու աւարտական հանդիսութեան արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:

Շնորհաւորելով շրջանաւարտները` նախարար Լեւոն Մկրտչեան ըսած է. «Կան արժեհամակարգեր, որոնց վրայ կառուցուած են աշխարհընկալումն ու աշխարհաճանաչումը. հայու տեսակի աւելի քան  5000 տարուան աշխարհընկալման հիմքը յայտնի եռանկիւնն է` անհատը` իր իրաւունքներով եւ պատասխատուութեամբ, այդ անհատներէն կազմուած ընտանիքը եւ ընտանիքներու միութիւնը հանդիսացող ազգը: Այս հիման վրայ է, որ մարդկութիւնը կը շարունակէ իր ճամբան: Այս գաղափարախօսութեան հիման վրայ կը գործէ այս կրթական օճախը: Ճամբու կը դնենք մեր զաւակները, որոնք կը մտնեն կեանքի շեմէն ներս` դիմագրաւելով բարդ մարտահրաւէրներ, ուստի շատ կարեւոր է, որ անոնք կարողութիւնը ունենան զանազանելու հիմնականը երկրորդականէն, հասկնալու եւ ընդունելու պարտութիւնը` իրենց մտքին մէջ միշտ յաղթանակը ունենալով: Այս  գաղափարական հիման վրայ կառուցուած է մեր կրթական համակարգը: Կարեւոր է, որ մեր զաւակները գիտակցին, որ իրենք դերակատարութիւն ունին նաւակը գետին մէջ նաւարկելու առումով, որպէսզի կարելի ըլլայ ի վերջոյ մեր հայկական նաւը տանիլ մեծ ծով, ուր անիկա ի զօրու պիտի ըլլայ դիմակալելու մեծ ճամբորդութեան հզօր ալիքները եւ մեր ազգային երազը պիտի դարձնէ իրականութիւն»:

Նախարարը իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան` տարիներ շարունակ կրթական համակարգի կողքին կանգնելուն համար:

Հանդիսութեան ներկայ եղան նաեւ պոլսահայ «Ակօս» թերթի խմբագիր, նահատակ Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքել Տինք, բարերարներ Էդուար եւ Քամելա Աւետիսեաններ:

 

 

Նախորդը

Երեւանի Քաղաքապետարանը Յայտարարած Է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Յուշարձանի Մրցում

Յաջորդը

Կառավարութեան Ծրագիրի Վաւերացման Առիթով` «Աշխուժ Եւ Պատասխանատու Աշխատանք Պիտի Տանինք» Յայտարարեց Վարչապետ Կարապետեան

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.