Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահը Ընտրական Օրէնքը Կը Նկատէ Տեսակարար Ոստում, Իսկ Կառավարութիւնը Ելեկտրականութիւն Արտադրող Նաւերու Թղթածրարը Կը Յղէ Նուազուրդի Վարչութեան

June 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներու հանդիպումին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին կառավարութեան աշխատանքները աշխուժացնելու քայլերը:

Միւս կողմէ, նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ առաջ նախագահ Աուն դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարելու անհրաժեշտութիւնը, լիբանանցիներուն կեանքը դիւրացնող ծրագիրներու վաւերացումը, ինչպէս նաեւ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ վաւերացուած ընտրական օրէնքը կրնայ լիբանանցիներուն բոլոր ձգտումներուն համազօր չըլլալ, սակայն անիկա տեսակարար ոստում մըն է Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ:

«Մեծամասնական դրութեան հիման վրայ գործող ընտրական օրէնքներէն 91 տարի ետք կարելի եղած է անցնիլ համամասնական դրութեան», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ելեկտրականութեան տագնապին` նախագահ Աուն յայտնեց, որ 1992-2016 ելեկտրականութեան մարզին արձանագրած նիւթական բացը 33 միլիառ տոլարի հասած է` աւելցնելով, որ եթէ ելեկտրականութեան տագնապը կարելի ըլլար իննսունականներու կիսուն լուծել, ապա պետական գանձարկղի ընդհանուր բացը նուազած կ՛ըլլար 42 միլիառ տոլարի:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը արդիւնք է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ արձանագրուած խորհրդակցութիւններուն եւ համախոհութեան:

Հարիրի նշեց, որ ընտրական օրէնքը լիբանանեան արտադրութիւն է:

Ան կոչ ուղղեց ելեկտրական հոսանք ապահովելու կարելիութիւններուն նկատմամբ դրական մօտեցում ցուցաբերելու` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիներուն միայն 11 ժամ ելեկտրականութիւն հայթայթելը անտրամաբանական է, յատկապէս երբ լուծումները պատրաստ են:

Հարիրի կոչ ուղղեց գործադրելու ելեկտրականութեան տագնապի լուծման համար ներկայացուած ծրագիրները` նշելով, որ եթէ նախարարները այդ ծրագիրին մասին դիտողութիւններ ունին, ապա կարելի է քննարկել զանոնք եւ վերջնական լուծումներու յանգիլ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերու թղթածրարը յղել նուազուրդի վարչութեան, որպէսզի վերջինս սերտէ այդ թղթածրարը եւ իր կարգին զայն դարձեալ փոխանցէ կառավարութեան:

Ռիաշի նշեց, որ նախարարաց խորհուրդը յարմար նկատած է սեփական մարզը մասնակից դարձնել ուժանիւթի մարզին:

Ռիաշի նաեւ յայտարարեց, որ նախարարաց խորհուրդին որոշումով խմբագիրներու եւ մամլոյ սենտիքաներու նախկին նախագահներ Մըլհեմ Քարամի եւ Մոհամետ Պաալպեքիի դիմանկարով դրոշմաթուղթեր պիտի հրատարակուին:

Ռիաշի նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը քննարկած է Պեքաայի մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը եւ անսալով ներքին գործոց նախարարի պահանջին, որոշած յատուկ նիստ մը յատկացնել այդ հարցին:

Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախագահական պալատէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի շրջագիծին մէջ վաւերացուած մագնիսական քարտերու դրութեան գործադրութիւնը բաւական դժուար պիտի ըլլայ` հաստատելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին տեղի պիտի ունենան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Յաջողութեան Բարեմաղթութիւններով Ընդունեց Հաքիմը

Յաջորդը

Պաքու Համաձայն Է Առարկայական Բանակցութիւնները Շարունակելու

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.