Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սամի Ժեմայէլ. «Երկրին Ներկայ Իշխանութիւնները Կ՛ուղղուին Բռնատիրութիւն Բանեցնելու Լիբանանի Վրայ»

June 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ 10 տարուան ընթացքին առաջին անգամն է, որ երիտասարդներուն մօտ շարժում մը, հաւատք եւ ինքնավստահութիւն կը նշմարուի` աւելցնելով, որ ներկայիս գոյութիւն ունի կազմակերպուած քաղաքացիական ընկերութիւն եւ աշխուժ ընդդիմութիւն:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ խորհրդարանին մէջ ու անկէ դուրս առնուած քայլերը իրարանցում կը ստեղծեն եւ առաջին անգամ ըլլալով է, որ ժողովուրդը փայլուն ապագայի մը նշոյլը կը նշմարէ:

«Բայց եւ այնպէս այս շարժումին զուգահեռ կը նշմարուի այլ վտանգաւոր իրականութիւն մը, թէ երկրին ներկայ իշխանութիւնները կ՛ուղղուին բռնատիրութիւն բանեցնելու Լիբանանի վրայ: Ցուցարարներուն խոշտանգումը, ընդդիմադիր երեսփոխաններուն անձեռնմխելիութեան դէմ սպառնալիքները բարկութեան վիճակներ կը ստեղծեն եւ պատճառ կը դառնան ընդվզումը իր հաւասարակշռութենէն դուրս բերելու: Հետեւաբար կը զգուշացնենք լիբանանեան պետութիւնը ոստիկանական պետութեան մը վերածելու քայլերէն», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ լիբանանցիները կը վախնան Լիբանանը բռնատիրութեան վերածելէ` նկատի ունենալով ընդդիմութեան նկատմամբ իշխանութիւններուն ցուցաբերած անտեսումի քաղաքականութիւնը:

«Պաապտայի մէջ տեղի ունենալիք այսօրուան հանդիպումէն Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հեռու պահելու կեցուածքը կարելի է մեկնաբանել անով, որ անոնք չեն փափաքիր մեր տեսակէտները լսել», նշեց երեսփոխան Ժեմայէլ:

«Կը մաղթէինք, որ հանրապետութեան նախագահը բոլոր լիբանանցիներուն նախագահը ըլլար եւ իմանար մեր տեսակէտներն ու կեցուածքները, սակայն ան լիբանանցիներուն խորհրդանիշը ըլլալու փոխարէն որոշեց դառնալ իշխանութեան նախագահը եւ վերածուիլ այդ իշխանութեան կնքահօր: Սակայն մեր կարծիքով` իշխանութիւնը կառավարութիւնն է, իսկ նախագահական պալատը կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն, ընդդիմութեան եւ իշխանամէտներուն», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Եարզէի Մէջ. Բանակի Հրամանատարը Երկրին Ապահովական Կացութիւնը Կը Քննարկէ Սարրաֆի Հետ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.