Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաժողովէն` Մէկ Պատգամ

June 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

Ստեփանակերտի մէջ 15 յունիսին իր աշխատանքին սկսաւ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերու, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ համաժողովը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահին եւ Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութեանց Ազգային ժողովներու նախագահներուն մասնակցութիւնը այս համաժողովին` իւրայատուկ նշանակութիւն կու տայ անոր, եւ արդար է, որ մեր ժողովուրդը այս հաւաքէն ակնկալէ հիմնաւո՛ր պատգամ մը` Արցախի հարցին կապակցութեամբ:

Միակամ եւ ուժե՛ղ պատգամ մը, որ պէտք է նաեւ պատասխանը տայ Արցախի սահմանին վրայ ազրպէյճանական շարունակական ոտնձգութիւններուն, որոնց երէկ իսկ զոհ տուինք եւս 3 մատաղ կեանքեր:

Համայն հայութեան անունով, այս համաժողովէն կրնայ միայն մէկ պատգամ բխիլ. Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկելի չէ՛, եւ միջազգային իր բոլոր պարտաւորութիւնները խախտող Ազրպէյճանը, որ արդէն իսկ բազմիցս ապացուցած է իր ոչ կառուցողական դիրքորոշումը բանակցային գործընթացին հանդէպ, երբե՛ք չի կրնար ակնկալել հայկական կողմէն որեւէ զիջում` ազատագրուած տարածքներէն հող յանձնելու կապակցութեամբ:

Համաժողովի պատգամը պէտք է ըլլայ կուռ ու յստակ: Որեւէ դիւանագիտական ճկունութիւն, ի՛նչ նկատառումով ալ ներառուի համաժողովի ոչ միայն յայտարարութեանց, այլ նոյնիսկ` քննարկումներուն մէջ, կրնայ սխալ տպաւորութիւն ստեղծել թշնամիին մօտ` մեր տատանումները իբրեւ տկարութեան նշան մեկնաբանելով:

Նոյնպէս ուշադիր պէտք է ըլլանք, որ թէ՛ իրենց կեանքը ամէն օր վտանգի ենթարկող մեր հերոս զինուորները եւ թէ՛ ընդհանրապէս հազար ու մէկ զրկանքներով ապրող մեր ժողովուրդը համաժողովէն ստանան միա՛յն վերջնական յաղթանակի առաջնորդող ուղենիշներ:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն Քուէյթահայ Աշակերտութեան

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Աշակերտի Խոհերն Անցեալի Եւ Ապագայի Վերաբերեալ

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.