Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան (Հեղինակ` Լեւոն Շառոյեան)

June 21, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Լեւոն Շառոյեանի հեղինակած «Լեռնականներու վերջին շառաւիղը` Սիմոն Սիմոնեան» գիրքը, բաղկացած` 67 էջերէ:

Հալէպահայ մտաւորական Լեւոն Շառոյեան կը ներկայացնէ վաստակաշատ գրող, կրթական մշակ, գրահրատարակիչ, խմբագիր, մշակութային եւ հասարակական գործիչ Սիմոն Սիմոնեանի կեանքին գլխաւոր փուլերը եւ անոր գրական ժառանգութիւնը:

Խօսելով Սիմոնեանի պատրաստած հայոց պատմութեան դասագիրքերուն մասին Շառոյեան կ՛ըսէ, որ սերունդներ իրենց անցեալի փառաւոր պատմութեան հետ հաղորդուեցան այդ դասագիրքերուն ճամբով: Սերունդներ, իրենց պատանի հասակին, թրծուեցան ու իբրեւ զտարիւն հայ կոփուեցան այդ գիրքերուն միջոցով:

Խօսելով Սիմոնեանի պատրաստած «Արեւելահայ գրականութիւն» կոթողային գործին մասին Շառոյեան կ՛ըսէ, որ ըստ Սիմոնեանի, արեւելահայ գրականութեան գլխաւոր ու անմահ դէմքներն են` Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Շերվանզադէ, Մուրացան, Նար Դոս, Գաբրիէլ Սունդուկեան, Յովհաննէս Թումանեան, Աւետիք Իսահակեան, Վահան Տէրեան, Ղազարոս Աղայեան եւ Աւետիս Ահարոնեան: Սիմոնեան արեւելահայ գրականութիւնը վերարժեւորած է իր գրականագէտի դիտանկիւնէն:

Շառոյեան կը գրէ, որ Սիմոն Սիմոնեան

1940-ական տարիներուն սկսաւ գրի առնել Սասունէն Հալէպ գաղթած հայ պարզունակ մարդոց կեանքէն առնուած հետաքրքրական պատումներ: Իր տիպարները չարքաշ ու պատուախնդիր անձեր էին, հայրենի իրենց երկրին հին բարքերով ու մտայնութեամբ կոփուած, որոնք սակայն դժուարութիւն ունէին հաշտուելու իրենց նոր միջավայրին հետ: Ամէն ինչ կը բաղդատէին «էրկրի» բարքերուն ու կենցաղին հետ:

***

Սիմոն Սիմոնեան ծնած էր Այնթապ, 1914-ին, բայց արմատներով Սասունի Կերմաւ գիւղէն էր, ջաղացպան Օվէի որդին: Այնթապի հայաթափումէն ետք (1921) ընտանիքին հետ փոխադրուած էր Հալէպ: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ: Վերադառնալով Հալէպ եղած է ուսուցիչ եւ հիմնած «Սեւան» տպարանը, ուրկէ հրատարակած է «Սեւան» պարբերագիրքի երկու թիւեր:

Գարեգին Ա. Յովսէփեանց կաթողիկոսի հրաւէրով 1946-ին Պէյրութ փոխադրուելով պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է մայրավանքէն ներս: Եղած է դպրեվանքի դասախօս եւ եւ «Հասկ» ամսագիրի խմբագրապետ:

Սիմոն Սիմոնեան 1959-ին հիմնեց Սեւան հրատարակչատունը. եղաւ լիբանանահայ մեծագոյն գրահրատարակիչներէն մէկը: Սեւան հրատարակչատունէն լոյս ընծայուեցան աւելի քան 475 անուն հայերէն գիրքեր` 190 հեղինակէ:

Սեւան հրատարակչատան հրատարակութիւններուն մէջ շատ կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայերէն դասագիրքերը: Սիմոնեան պատրաստեց հայոց պատմութեան դասագիրքերը` վեց հատոր: «Արագած» պատկերազարդ դասագիրքերու շարքը` նախակրթարանի Ա. էն Զ. կարգերուն համար, իրեն գործակից ու համահեղինակ ունենալով Օննիկ Սարգիսեանը: «Աշխարհագրութիւն» խորագրեալ չորս դասագիրքեր` օժանդակ ունենալով Երուանդ Պապայեանն ու Օննիկ Սարգիսեանը: «Նոր քերականութիւն» Ա. եւ Բ. գիրքերը, գործակից ունենալով Սարգիս Պալեանը: Սիմոնեան պատրաստեց նաեւ հայերէնէ-հայերէն արդի բառարանը, զոր կոչեց «Սեւան ընդարձակ բառարան»:

Սիմոն Սիմոնեան հիմնեց նաեւ «Սփիւռք» շաբաթաթերթը, որ ունէր մնայուն աշխատակիցներու եւ հաւատարիմ ընթերցողներու շատ լայն շրջանակ մը:

Սիմոնեան հեղինակած է նաեւ «Կը խնդրուի… խաչաձեւել», «Սիփանաց քաջեր» (երկու հատոր), «Լեռ եւ ճակատագիր», «Լեռնականներու վերջալոյս»-ը եւ «Սիփանց քաջեր»-ը, «Անժամանդրոս»-ը

Սիմոն Սիմոնեան մահացած է 1986-ին:

 

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Մեծ Եղեռնի Նահատակներու Թոռներուն Մէջ Կը Շարունակուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Երկիր Երթալն Է Ճիշդ» (Հեղինակ` Թորոս Թորանեան)

Յաջորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Բարեւներ Այնճարէն» (Հեղինակ` Մովսէս Թ. Հերկելեան)

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.