Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ վաւերացուած ընտրական նոր օրէնքը օրինակելի է, որովհետեւ անիկա բխած է լիբանանեան բազմազանութենէն:
Ժահժահ նշեց, որ ութ տարուան աշխատանքէն ետք, կարելի եղած է ընտրական օրէնքի մը յանգիլ:
Ան շնորհաւորեց լիբանանցիները` ընտրական նոր օրէնք մը ունենալու առիթով, բարձր գնահատելով վարչապետին ցուցաբերած դրական վարուելակերպը, «առանց որուն անկարելի էր ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնել», շեշտեց ան:
Միւս կողմէ, Ժահժահ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ընտրական օրէնքը աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ որդեգրուած ընտրական օրէնքներուն մակարդակը ունի` շեշտելով, որ անկարելի է գտնել համամասնական ընտրական օրէնք մը, որ վարկանշային քուէ չի պարունակեր:
Ան նշեց, որ տասնամեակէ մը ի վեր փորձեր կը կատարուին ընտրական նոր օրէնքի մը յանգելու, սակայն այդ փորձերն ու ջանքերը ապարդիւն դուրս կու գան: «Վաւերացուած ընտրական օրէնքը պիտի պահպանէ առկայ քաղաքական հաւասարակշռութիւնները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ պէտք է ընտրական այդ նոր օրէնքի մանրամասնութիւններուն մէջ խորասուզուիլ` իմանալու համար կատարուելիք ընտրական դաշինքներուն կարելիութիւնները:
Ժահժահ շեշտեց, որ մագնիսական քարտը կրնայ պատճառ դառնալ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները յաւելեալ երեք – չորս ամիսով ալ յետաձգուին:



