«Մարքա»-ի համաձայն, Ռէալ Մատրիտ պաշտօնապէս յայտարարած է, թէ այն ակումբը, որ կ՛ուզէ ձեռք ձգել իր սպանացի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթայի ստորագրութիւնը, անոր համար նուազագոյնը պէտք է վճարէ 90 միլիոն եւրօ:
Նախապէս հրապարակուած էր լուր մը, որուն մէջ կը նշուէր, թէ Մորաթթա պիտի տեղափոխուի Մանչեսթըր Եունայթըտ, որուն հետ պիտի կնքէ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը` 73 միլիոն եւրոյի փոխարէն:
«Լա լիկա»-ի 2016-2017 տարեշրջանին 24 տարեկան Մորաթթա մասնակցեցաւ 26 մրցումի: Իբրեւ հիմնական մարզիկ, ան մասնակցելով 14 մրցումի, նշանակեց 15 կոլ եւ կատարեց 4 կոլի փոխանցում:



