Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Հիմնախնդիրի Լուծում Պէտք Է Գտնուի Ոչ Ի Վնաս Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Բնակող Մարդոց Ապագային» Կ՛ըսէ Մարիա Զախարովա

June 16, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիա իր կարելին կ՛ընէ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ փոխզիջում գտնուի:

«ԹԷ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը ունին խնդիրի լուծման նկատմամբ իրենց հայեացքները: Գոյութիւն ունի խնդիրի լուծման հաստատուած ձեւաչափ, որ կ՛ենթադրէ փոխզիջումի որոնում: Ատիկա կողմերու դիրքորոշումներու մօտեցում կ՛ենթադրէ` անկախ անկէ, թէ երբեմն անոնք որքա՛ն տրամագծօրէն հակառակ կրնան ըլլալ: Ատիկա միջազգային, դիւանագիտական աշխատանքի գործելաոճ է` գտնել լուծման ուղիներ` չլուծուած խնդիրներու համար», նշած է Զախարովա:

Ան համաձայն գտնուած է, որ կացութիւնը լուծումի, յառաջ մղուելու անհրաժեշտութիւն ունի: Այդ պատճառով յատկապէս վերջին շրջանին աւելի աշխուժացած են հանդիպումները, որոնք կը կատարուին տարբեր ձեւաչափերով: «Ռուսիա` իբրեւ ձեւաչափի մասնակից, առաւելագոյնս կ՛ընէ ամէն բան, որպէսզի փոխզիջում գտնուի: Ի հարկէ, ցանկալի է, որ անիկա կարելի եղածին չափ շուտ գտնուի` սակայն ոչ ի վնաս երկու երկիրներու ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող մարդոց ապագային», ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ան յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջանային այցելութեան արդիւնքներուն վերաբերեալ յայտարարութիւն պիտի տարածեն` գնահատական տալով խնդիրի լուծման հոլովոյթի ներկայ փուլին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է յառաջիկային հանդիպում Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ, Զախարովան յայտնած է, որ այս պահուն որեւէ յստակ տեղեկութիւն չկայ: «Մենք պիտի տեղեկացնենք հաւանական հանդիպումներու կազմակերպման պարագային», ըսած է ան:

Մարիա Զախարովա յայտնած է, թէ Մոսկուա չի բացառեր, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ Լը Տրիանի հանդիպումին ընթացքին քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը:

Ան աւելցուցած է, որ ատիկա բնական է, որովհետեւ Ռուսիա իր ֆրանսացի գործընկերներուն հետ երկխօսութեան մէջ է նաեւ այդ հարցով:

Նշենք, որ Լը Տրիան Մոսկուա պիտի այցելէ երեքշաբթի, 20 յունիսին:

Նախորդը

Ռուսիա Ազրպէյճանին Փոխանցած Է Վեց Հրետանային Համակարգեր

Յաջորդը

Հանդիպումներ Ֆրանսախօս Երկիրներու Վեհաժողովին Ընդառաջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.