Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Էսթոնիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Սվեն Միքսերը

June 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Սվեն Միքսերը:

Հանդիպումին զրուցակիցները երկուստեք գոհունակութեամբ  արձանագրած են, որ հայ եւ էսթոնացի ժողովուրդներու պատմական արմատներ ունեցող բարեկամութեան եւ փոխադարձ վստահութեան ու յարգանքի վրայ կառուցուած յարաբերութիւնները երկու երկիրներուն  միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր անցեալ 25 տարիներուն վերընթաց զարգացում ունեցած են: Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանը պատրաստակամ է աւելի աշխուժացնելու եւ խորացնելու քաղաքական երկխօսութիւնը ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի ձեւաչափերով, զարգացնելու համագործակցութիւնը միջխորհրդարանական եւ միջկառավարական մակարդակներու վրայ, փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող  շարք մը մարզերու մէջ:

Համակարծիք ըլլալով, որ փոխադարձ գործակցութեան պէտք է նոր որակ հաղորդել, քանի որ այդ առումով ակնկալիքներն ու ներուժը բաւական  մեծ են, հանրապետութեան նախագահը եւ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ զարգացման հեռանկարին:

Արտաքին գործոց նախարար Սվեն Միքսեր յոյս յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան մէջ Էսթոնիոյ յառաջիկայ նախագահութեան շրջանին պիտի ստորագրուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Միքսեր նախագահին ներկայացուցած է Եւրոպական Միութեան մէջ Էսթոնիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւնները:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են շրջանային խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ: Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Սվեն Միքսերը ընդգծած է, որ Էսթոնիա ամբողջութեամբ կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապ խաղաղ լուծման:

Հանդիպում Վարչապետ Կարապետեանի Հետ

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան երէկ ընդունած է Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Սվեն Միքսերը:

Նշելով, որ այս տարի կ՛ամբողջանայ 25-ամեակը Հայաստանի եւ Էսթոնիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման, որոնք կարելի է բնութագրել իբրեւ բարեկամական եւ արդիւնաւէտ` վարչապետը կարեւոր նկատած է համագործակցութեան հետագայ  խորացումը ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի հարթակներու վրայ:

Զրուցակիցները քննարկած են առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացումը, երկու երկիրներու գործարար շրջանակներուն միջեւ կապերու զարգացման, ներդրումային ծրագիրներու կարելիութիւններուն վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ  համագործակցութեան հեռանկարներուն: Վարչապետ Կարապետեանի առաջարկով կողմերը համաձայնած են` աշխատիլ ելեկտրոնային կառավարման եւ թուայնացման մարզերուն մէջ փորձառութեան փոխանակման ուղղութեամբ:

Հայաստանի վարչապետը եւ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու շուրջ: Եւրոպական Միութեան մէջ Էսթոնիոյ յառաջիկայ նախագահութեան շրջագիծին մէջ Սվեն Միքսեր ներկայացուցած է Էսթոնիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւնները: Կողմերը անդրադարձած են Եւրոպական Միութեան մէջ Էսթոնիոյ նախագահութեան ընթացքին այս տարի տեղի ունենալիք վեհաժողովին, որուն ծիրին մէջ կը նախատեսուի Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումը:

 

Նախորդը

Էդուարդ Նալբանդեան. «Ատիկա Ազրպէյճանի Երեւակայութիւնն Է»

Յաջորդը

Դաւիթ Բաբայեան Մեկնաբանած Է Պոլիս – Պաքու Օդանաւային Թռիչքի Արցախի Օդային Տարածքէն Անցնելու Լուրերը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.