Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Քասուլիտեսի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան-Կիպրական Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

June 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եոաննիս Քասուլիտեսը, որուն կ՛ընկերակցէր պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը կատարեալ կերպով գործադրելու սկզբունքին` աւելցնելով, որ Քասուլիտեսի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ քննարկած են իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսի կառավարութեան լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր օժանդակութեան համար` ընդգծելով զինամթերք ունենալու կարեւորութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու:

«Այնքան ատեն որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները աշխուժ են եւ Լիբանանի ընկերութիւնը, յատկապէս փոքրամասնութիւնները կը ստիպուին գաղթել, ապա ողջունելի է Կիպրոսը ունենալ իբրեւ նեցուկ եւ անոր միջոցով Եւրոպական Միութեան յայտնել մեր մտահոգութիւններն ու կարիքները», ըսաւ ան:

Պասիլ աւելցուց, որ կիպրացի իր պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ բնական կազի եւ նաւթի թղթածրարին վերաբերող հարցեր:

Իր կարգին, Քասուլիտես նշեց, որ Լիբանան հասնելէն ետք կրցած է ճիշդ հասկնալ, թէ երկու երկիրները որքա՛ն մօտ են իրարու: Ան ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այդ մէկը կատարելու կամք գոյութիւն ունի:

«Մենք չենք կրնար Լիբանանը տեսնել սպառնալիքի տակ եւ պատրաստ ենք որեւէ օժանդակութիւն տրամադրելու», հաստատեց ան:

Քասուլիտես նշեց, որ Եւրոպական Միութեան երկիրները կրնան Լիբանանին կարիքները գոհացնել` աւելցնելով, որ իրենց համար յստակ է Լիբանանի դիմագրաւած ծանր բեռը` Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն պատճառով:

Քասուլիտես ընդգծեց, որ Կիպրոս եւ Լիբանան բոլոր մարզերուն մէջ պիտի գործակցին` մաղթելով, որ ընտրական նոր օրէնքի մը պարագային Լիբանանի մէջ կարելի ըլլայ համաձայնութիւն գոյացնել եւ տարկարծութիւն ստեղծող բոլոր հարցերը լուծել:

Նախորդը

Դոկտ. Կիտանեան Նոհրայի Ներկայացուց Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Կատարուելիք Վիճակագրութեան Մանրամասնութիւնները

Յաջորդը

Ա. Կիտանեան Լաքոթրիփիսի Հետ Քննարկեց Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Գործակցութիւնը Ամրապնդելու Հեռանկարները

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.