Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամները 12 յունիսի երեկոյեան համաձայնութիւն գոյացուցած են նոր պատժամիջոցներու շուրջ, որոնք կոչուած են ճնշում գործադրելու Ռուսիոյ վրայ: Օրէնսդիրները կ՛ուզեն Սպիտակ տունը զրկել գործող պատժամիջոցները ինքնակամօրէն ջնջելու իրաւունքէն եւ նոյնիսկ օրէնսդրօրէն ամրագրել անոնցմէ մէկ քանին: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», լրագրողներուն յայտնած է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի հանրապետական նախագահ Պապ Քորքըր:
«Կը կարծեմ` մենք ատիկա ըրինք: Այժմ մենք լրացուցիչ մշակումի կ՛ենթարկենք բնագիրը, սակայն համաձայնութեան հասած ենք», ըսած է ան: Ըստ անոր, նոր միջոցառումները կը ներառեն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու ջնջման հարցի պարտադիր քննարկումներ, նախքան որ Սպիտակ տունը ուզէ զանոնք ջնջել:
Սրբագրումով, որուն մասին կը խօսուի, կը նախատեսուի պատժամիջոցներ սահմանել այն անձերուն դէմ, որոնք կը կատարեն համացանցային յարձակումներ, որոնք յաճախ Ուաշինկթընի կողմէ կը վերագրուի Մոսկուային: Բացի ատկէ, սահմանափակումները կրնան վերաբերիլ այն անձերուն, որոնք մասնակցած են Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի կառավարական ուժերուն զէնքի մատակարարումներուն, ինչպէս նաեւ ռուսական հետախուզութեան եւ պաշտպանական հատուածի աշխատակիցներուն, հաղորդած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:



