Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փակում` Սրբոց Հռիսփիմեանց Կոյսերուն Նուիրուած Աղօթաշարքին

June 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով երէկ` երկուշաբթի, 12 յունիսին Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթաշարքի փակման հանդիսաւոր Ս. պատարագը` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասուն: Պատարագին յաջորդեց Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութիւն:  Արարողութեան նախագահեց եւ ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը պատմական ակնարկ մը նետեց կոյսերու կեանքին եւ նահատակութեան վրայ: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ պատմական վկայութիւն մը վերյիշելու համար չենք հաւաքուած, այլ` հաւաքուած ենք, որպէսզի իսկապէս զգանք, թէ սուրբերը այնքան ալ հեռու չեն մեզմէ, այլ` մեր մէջն են, մեզի հետ են մեր կեանքին մէջ, նաեւ որպէսզի զգանք, թէ սուրբերը գերբնական էակներ չեն, այլ մեզի պէս անձեր, որոնք մեզի նման կեանքի դժուարութիւններուն եւ տագնապնեուն մէջ ըլլալով շարունակաբար պայքարած ու տագնապած են եւ յաղթահարելով մարդկային դժուարութիւնները շարունակաբար յոյսով վեր բարձրացած են` հասնելու համար Աստուծոյ:

Սրբազան հայրը բացատրեց, որ սուրբերը մեր աշխարհէն եկող անհատներ են, որոնք սերունդէ-սերունդ իրենց յիշատակով առաջնորդ հանդիսացած են շատերու` աւելցնելով, որ սուրբ կը նշանակէ ըլլալ Աստուծոյ որդի, որ անկասկած կը գիտնայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վարուի իր կեանքին հետ` նման Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որոնք վճռած էին քրիստոնէական առաքինութիւններով վարել իրենց կեանքը, որովհետեւ կը զգային, թէ իրենք Աստուծոյ զաւակներն են, հետեւաբար կեանքին մէջ կը ցանկային ապրիլ աստուածային սկզբունքներով, պայքարիլ չարին դէմ` զայն յաղթահարելու կամքով:  Առաջնորդ սրբազան հայրը ըսաւ, որ քիչ է  թիւը անոնց, որոնք յարատեւօրէն կեանքի դժուարութիւններուն մէջէն զԱստուած իբրեւ ապաւէն ունենալով, կը փորձեն աշխարհի խաւարը հաւատքի լոյսով լուսաւորել: Սրբազանը ըսաւ, որ սուրբ են անոնք, որոնք զգալով, թէ Աստուծոյ զաւակներն են, չեն ենթարկուիր ու չեն յանձնուիր մեր աշխարհի օրէնքներուն ու պայմաններուն, այլ` կ՛առաջնորդուին Աստուծմով` աւելցնելով, որ մարդ անհատը միշտ ենթարկուած է երկրաւոր դժուարութիւններու, նեղութիւններու ու տագնապներու, եւ այս երեւոյթներուն դիմաց ոմանք զԱստուած իբրեւ ապաւէն ունենալով, դժուարութիւններուն մէջէն հասած են երկնային փառքին: «Սուրբերը միայն անցեալին չեն պատկանիր, այլ` ներկայ պէտք է ըլլան մեր կեանքին մեր առօրեային մէջ, եւ անոնք պէտք է մեր ընկերութենէն գան եւ մաս կազմեն այն դասակարգին, որ հաւատքի զօրութեամբ իր կեանքը կ՛ապրի հաւատարիմ գտնուելով աստուածային այն սկզբունքներուն, որոնց մեր եկեղեցին դարերէ ի վեր կը գուրգուրայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ» հաստատեց սրբազան հայրը` աւելցնելով, որ այդ սուրբերը դարէ-դար եւ ժամանակէ-ժամանակ իրենց օրինակով պէտք է ամրացնեն մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աշխարհի տարածքին:

Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազան հայրը կոչ ուղղեց  միայն չյիշելու անցեալի սուրբերը, այլեւ` յիշելով զիրենք, մեր կեանքի օրինակով փորձելու պատուել անոնց յիշատակը եւ ցոյց տալու իրենց, թէ ինչպէս մենք եւս անոնց օրինակով կը յարատեւենք մեր առօրեային մէջ` աւելցնելով, որ իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, մեր սրբազան պարտականութիւնն է աշխարհի մէջ մեր կեանքի արտայայտութիւններով պատիւ ընծայել այն Աստուծոյն, որ մեզի կեանք պարգեւեց, նաեւ յոյսով յարատեւել տագնապներով լեցուն այս աշխարհին մէջ, որպէսզի Աստուծմով խաղաղի մեր ընկերութիւնը եւ Աստուծոյ սրբութիւնը առատանայ մեր կեանքին մէջ:

Ս. պատարագի աւարտին Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու մասունքով կատարուեցաւ ջրօրհնէք եւ խունկի օրհնութիւն:

 

Նախորդը

Մեսրոպեան Վարժարանի Բարեսիրական Ընթրիքին Հանգանակուեցաւ 115 Հազար Ամերիկեան Տոլար

Յաջորդը

Հեթում Աբղյ. Տաղլեան Եւ Աշոտ Աբղյ. Խաչատուրեան Միացան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.