Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեանի Բողբոջներն Ու Կոկոնները Տօնական Հանդէսներով Փակեցին Տարեշրջանը

June 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ 26 եւ շաբաթ 27 մայիս 2017-ին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Բողբոջ եւ Կոկոն դասարաններու աւարտական հանդէսները:

Վարժարանի շրջափակին մէջ տօնական տրամադրութիւններով կայացած զոյգ հանդէսները յաջողեցան յստակ պատկերացում մը տալ այն ծրագրին մասին, որուն հետեւեցան Մեսրոպեան մանկապարտէզի փոքրիկները անցած տարուան ընթացքին:

Հանդէսներու բացումին բողբոջներն ու կոկոնները հնչեցուցին Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգները, արտասանեցին բացման խօսքեր (հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն), կատարեցին խմբային երգեր` դարձեալ երեք լեզուներով եւ խանդավառեցին ներկաները զանազան մշակոյթներ ներկայացնող իրենց պարերով եւ դերասանական մատղաշ ձիրքերով:

Հանդէսներուն խօսք առին Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ եւ մանկապարտէզի պատասխանատու Քարոլին Թերզեան:

Տնօրէնը գնահատեց մանկապարտէզի պատասխանատուին եւ աշխատակիցներուն լուրջ եւ բծախնդիր աշխատանքը` ուղղուած դեռատի հայ մանուկներուն համար կրթութեան լաւագոյն միջավայր ապահովելուն եւ վերահաստատեց վարժարանին յանձնառութիւնը` այդ միջավայրի պահպանելուն եւ զարգացնելուն նկատմամբ:

Գ. Թերզեան իր հերթին գոհունակութիւն արտայայտեց, որ Մեսրոպեանի բողբոջներն ու կոկոնները կ՛ընթանան մտաւոր եւ ֆիզիքական զարգացման առողջ ճանապարհով, եւ ինչպէս սոյն հանդէսները վկայեցին, արդէն կարող են ներկայանալ համարձակ խօսքով ու շարժումով` արթնցնելով ուրախութեան եւ բաւարարութեան զգացումներ: Ան դիտել տուաւ, որ Մեսրոպեանի փոքրիկները արդէն իսկ կատարած են իրենց առաջին քայլերը դաստիարակութեան մը մէջ, որուն նպատակն է զանոնք պատրաստել որպէս ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր:

 

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Աշակերտական Տարեկան Ցուցահանդէսը

Յաջորդը

«ՍԵՄԱՍ»-ի Յաջողութիւնը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մրցումին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.