Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստան Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը` Արթուր Պետրոսեանի Գլխաւորութեամբ

June 12, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 10 յունիսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Մոնթենեկրոյի (2018-ի մոնտիալ), կրեց իր առաջին պարտութիւնը` գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ (4-1 արդիւնքով), յաջորդական երեք յաղթանակներէ ետք:

Մրցումին 2-րդ վայրկեանին իսկ հիւրընկալ կազմը նշանակեց իր առաջին կոլը` շնորհիւ Ֆաթոս Պեսիրաժի, իսկ անոր խմբակից Սթեւան Ժովեթիչ դարձաւ հեթրիքի հեղինակ (28-րդ, 54-րդ եւ 82-րդ): Մրցումին աւարտէն ճիշդ մէկ վայրկեան առաջ, Ռուսլան Քորեան նշանակեց Հայաստանի միակ կոլը:

Ա. կիսախաղը կրնար աւարտիլ նոյնիսկ 3-0 արդիւնքով, բայց Հայաստանի բերդին սիւնը փրկեց դէպի ուռկան ուղղուող կոլ մը:

Պէտք է ըսել, որ այս մրցումին հայրենի կազմին յարձակումները այդքան ալ մեծ յոյսեր չէին ներշնչեր:

Կար այն տպաւորութիւնը, որ Մոնթենեկրօ աւելի լաւ ուսումնասիրած էր իր մրցակիցին խաղաոճը, քան Հայաստան` Մոնթենեկրոյինը:

Եթէ Հենրիխ Մխիթարեանի նկատմամբ դաշտին տէրերը լուրջ հսկողութեան դիմած էին եւ անոր ազատութիւն չէին տար, անդին Սթեւան Ժովեթիչին գրեթէ ամբողջական ազատութիւն տրուած էր:

Հայ ֆութպոլիստները կարծես չէին գիտեր, թէ որո՛ւն դէմ կը խաղան եւ ի՛նչ վտանգ կը սպառնայ իրենց Ժովեթիչը, որ գրեթէ առանձինը վճռեց մրցումին արդիւնքը:

Մրցումէն ետք, Արթուր Պետրոսեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ. «Մենք կը մնանք իրատես եւ լաւատես, որովհետեւ այս մրցումէն ետք ոչինչ պիտի փոխուի, եւ մենք պիտի մասնակցինք աշխարհի ախոյեանութեան: Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ մենք ո՛վ ենք, ուրկէ՛ եկած ենք եւ մեզի ի՛նչ կը սպասէ: Այս պարտութիւնը մեզ պիտի չշեղէ մեր ճամբայէն, որովհետեւ այդ ճամբուն վրայ պիտի ըլլան յաղթանակներ եւ պարտութիւններ: Եթէ մենք պարտութենէն ետք կորսնցնենք մեր լաւատեսութիւնը, ոչ մէկ բանի կրնանք հասնիլ»:

Մոնթենեկրոյի դէմ տեղի ունեցած այս մրցումին Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.

Արսէն Բեգլարեան, Հրայր Մկոյեան (46-րդ` Արտակ Եդիգարեան), Տարօն Ոսկանեան, Կայէլ Անտոնեան, Գագիկ Դաղբաշեան, Արտակ Գրիգորեան, Մարքոս Փիցելլի (73-րդ` Տիգրան Բարսեղեան), Հենրիխ Մխիթարեան, Կամօ Յովհաննիսեան, Արազ Օզպիլիս (59-րդ` Էտկար Մանուչարեան) եւ Ռուսլան Քորեան:

 

Նախորդը

«Նորուէյ Չես». Լեւոն Արոնեան Յաղթեց Մակնիւս Քարլսընին

Յաջորդը

ՖԻՊԱ. Ասիոյ Աղջկանց Բաժակի Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Լիբանանի Մրցակիցները` Սինկափուր, Ղազախստան Եւ Ֆիժի

RelatedPosts

«Էմ. Էմ. Էյ.»  Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Սպարտակ Միքայէլեանի 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը

October 29, 2026
Թենիս.  Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր
Մարզական

Թենիս. Առնօ Աւետիսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

October 29, 2026
Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ  Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ
Մարզական

Ալվարես Վերջապէս Որոշեց… Մնալ Աթլեթիքօ Մատրիտի Մէջ

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.