Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Խաչատրեան Նշանակուեցաւ Շիրակի Մարզպետ

June 9, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան նիստին  տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան կառավարութեան հաստատման ներկայացուց Արթուր Խաչատրեանը Շիրակի մարզպետ նշանակելու մասին որոշումը: Կառավարութիւնը  ընդունեց որոշումը: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շնորհաւորեց նոր մարզպետը` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:

«Պարո՛ն Խաչատրեան, ունենալով տարածքային կառավարման մարզին մէջ աշխատելու փորձ եւ առօրեայ կապ ունենալով այդ մշակոյթին եւ կանոններուն հետ, որ կ՛ուզենք մարզպետարաններուն մէջ կիրարկել, յոյս ունինք, որ շատ արագ կը համակարգէք այդ աշխատանքները»,  ըսաւ վարչապետը` խօսքը ուղղելով նոր նշանակուած մարզպետին:

Նախարար Լոքեան Ներկայացուցած Է Շիրակի Նոր Մարզպետը

Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ Շիրակի մարզպետարանի աշխատակազմին, հանրապետական գործադիր մարմիններու պատասխանատուներուն, համայնքապետներուն ներկայացուցած է Շիրակի նոր նշանակուած մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը:

Նախարար Դաւիթ Լոքեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին` Շիրակի մարզպետի պաշտօնը ՀՅԴ-ին վստահելու համար եւ հիմա արդէն` Արթուր Խաչատրեանին:

«Սիրելի՛ շիրակցիներ, մինչ Արթուր Խաչատրեանը ներկայացնելը, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ ընկերոջս` Յովսէփ Սիմոնեանին` աշխատանքին համար: Այս անցած ժամանակաշրջանին մէջ Յովսէփ Սիմոնեանը կրցաւ մարզին մէջ բարեկամական մթնոլորտ ստեղծել, աշխատիլ համագործակցութեան մթնոլորտի մը մէջ: Ինչ կը վերաբերի  Արթուր Խաչատրեանին, ապա ըսեմ, որ դժկամութեամբ կը բաժնուիմ իրմէ, քանի որ ան բանիմաց ու գրագէտ անձնաւորութիւն է եւ պիտի կարենայ իր փորձառութիւնը ծառայեցնել մարզին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու համար: Շիրակի մարզին մէջ բազմաթիւ չլուծուած հարցեր կան, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք, որ այստեղ աղքատութեան ցուցանիշը ամէնէն բարձրն է»,  ըսած է Դաւիթ Լոքեան:

Շիրակի նախկին մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է շիրակցիներուն ու Շիրակի մարզպետարանի աշխատակազմին` միացեալ աշխատանքին համար, իսկ նոր նշանակուած մարզպետին մաղթած բարի աշխատանք:

«Յարգելի՛ շիրակցիներ, ինծի համար պատիւ է Շիրակի մարզպետի պաշտօնը ստանձնելը: Անկասկած մեր առջեւ ծառացած խնդիրներուն գիտակցելով կը գտնուիմ այստեղ, բայց վճռականութեամբ, որ իմ գիտելիքներս ու փորձառութիւնս պիտի ծառայեցնեմ ի նպաստ մարզին մէջ տարաբնոյթ խնդիրներու լուծման», նշած է Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը: Շիրակի մարզպետը ընդգծած է, որ իր աշխատանքը ուղղուած պիտի ըլլայ մարզին մէջ տնտեսական վիճակի բարելաւման. «Աշխատատեղերու ստեղծումը, ներդրումներու  խրախուսումը, տեղական արտադրողներուն աջակցիլը, այս բոլորը ինծի համար առաջնային ծրագիրներ են», ըսած է Արթուր Խաչատրեան:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Յանձնարարականներ Տուած Է Արծուիկ Մինասեանին

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Ծաղկեպսակ Զետեղեց Նահատակ Րաֆֆի Պչաքճեանի Շիրիմին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.