Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺԵՄԱՅԷԼ. «ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՀՈՎՈՂ ՆՈՐ ՕՐԷՆՔԻ ՄԸ ԿԱՐԻՔԸ ԿԱՅ»

October 21, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ամին Ժեմայէլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ կէսօրին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան արդիւնքներուն:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ եգիպտացի պատասխանատուներուն մօտ ինք շօշափած է պատասխանատուութեան զգացում մը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն մը` տիրող ներկայ կացութեան վերաբերեալ:

Ժեմայէլ աւելցուց, որ եգիպտացի պատասխանատուները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն սրբագրելու համար երկրին մէջ տիրող կացութիւնը եւ օրինականութեան ճամբով կը փորձեն փարատել վտանգները:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք առաջարկած է ծրագիր մը, որ կարելի է որդեգրել յեղափոխութիւններ ապրող արաբական երկիրներուն մէջ:

«Մենք կը մերժենք, որ Եգիպտոսի կամ արաբական որեւէ այլ երկրի մէջ քրիստոնեաները ըլլան Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ տագնապին գինը վճարող կողմերը: Արեւելքի քրիստոնեաները այս կամ այն կողմին զոհերը պէտք չէ դառնան, եւ ժամանակն է այլեւս, որ անոնց գոյութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել քաղաքացիական նոր օրէնքով մը, որ քրիստոնեայ եւ այլ քաղաքացիներուն միջեւ հաւասարութիւնը կ՛ամրապնդէ, առանց խտրականութեան», շեշտեց Ժեմայէլ:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ ժողովուրդները պահպանելու համար կարելի չէ բռնատիրութիւններուն ապաւինիլ, այլ` հարկ է հիմնուիլ օրէնքի եւ սահմանադրութեան վրայ: «Լիբանանի եւ Արեւելքի քրիստոնեաները չեն ընդունիր լուսանցքայնացուիլ կամ ջնջուիլ, այլ` անոնք կը մնան ազգային գոյակցութեան պաշտպան եւ շրջանին մէջ առանցքային դերակատարութիւն ունեցող քաղաքացիներ», եզրափակեց Ժեմայէլ:

 

Նախորդը

ՄՈՒՍԱ ՍԱՏԸՐ ԹԱՂՈՒԱԾ Է ԼԻՊԻՈՅ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՀԱՐԱՒԸ

Յաջորդը

ՄԱՆՍՈՒՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՍԱԼԵՀԻԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.