Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբ Ծոցի Երկիրներէն Ծայրայեղականութեան Ֆինանսաւորման Դէմ Պայքարիլ Պահանջեցի` Քաթարը Մատնանշեցի» Կ՛ըսէ Թրամփ

June 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, հակառակ քաթարեան ճգնաժամին, «յանձնառու է բանակցութիւններ վարելու Ծոցի բոլոր երկիրներուն հետ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը իր կարգին յայտնեց, որ «Ծոցի մէջ Ուաշինկթընի բոլոր գործընկերներն ալ շատ կարեւոր են»` աւելցնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է Արաբական ծոցի երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները լուծելու համար որեւէ դեր ստանձնելու: Ան նշեց, թէ իր երկիրը կը յուսայ, որ Ծոցի երկիրները շուտով կը լուծեն իրենց տարակարծութիւնները:

Ամերիկեան բանակը յայտնեց, որ իր օդուժի օդանաւերը կը շարունակեն Քաթարի Աիտ ռազմակայանէն թռիչքներ կատարել` հակառակ Ծոցի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու խզման: «Ուաշինկթըն երախտապարտ է Քաթարին` շրջանային ապահովութեան նկատմամբ յանձնառութեան ծիրին մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութեան իր երկարատեւ աջակցութեան համար», նշուեցաւ բանակին մէկ հաղորդագրութեան մէջ:

Ամերիկեան վարչակազմի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը Քաթարի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ «մնայուն խզում մը» չ՛ուզեր` աւելցնելով, որ ընդհանուր կարծիք գոյութիւն ունի, թէ Քաթարի կողմէ բազմաթիւ վարմունքներ մտահոգիչ են ո՛չ միայն Ծոցի շրջանի իր դրացիներուն համար, այլ նաեւ` Միացեալ Նահանգներու համար:

Աւելի ուշ, սակայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ «երբ Միջին Արեւելք իր այցելութեան ընթացքին Ծոցի երկիրներէն պահանջած է ծայրայեղականութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարիլ` Քաթարը մատնանշած է»:

Մեկնաբանելով Քաթարի հետ յարաբերութիւններու խզումի հարցը` Թրամփ յայտնեց. «Թերեւս ահաբեկչութեան ահաւոր արարքներուն վերջին սկիզբն է»:

«Ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման վերաբերեալ Սէուտական Արաբիա այցելութեանս արդիւնքներուն երեւան գալը լաւ է», ըսաւ ան:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Ոստիկան Մը Կրակ Բացաւ Մուրճով Յարձակում Գործողի Մը Վրայ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.