Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԱՏ ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ ԳՕՏԻ` ԱՊՀ-Ի ՈՒԹ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ

October 21, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին անցեալ երեքշաբթի օր Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած երկարատեւ հանդիպումէն ետք ուշ գիշերին յայտարարեց, որ շուրջ երկու տասնամեակ շարունակուած բանակցութիւններէն ետք, ԱՊՀ-ի ութ երկիրներու, որոնց շարքին` Հայաստանի վարչապետը, համաձայնեցան համաձայնագիր կնքել` ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու շուրջ:

Ըստ Փութինի, այս արդիւնքը բաւական անսպասելի էր բոլորին համար:

Փութին նշեց, որ ԱՊՀ-ի պետութիւններէն երեքը` Ուզպեքիստան, ինչպէս նաեւ քարիւղի եւ կազի հարուստ պաշարներ ունեցող Ազրպէյճան եւ Թուրքմենիստան մերժեցին ստորագրել փաստաթուղթը, սակայն խոստացան յառաջիկային զայն ուսումնասիրել:

Ան ընդգծեց, որ համաձայնութիւնը անդամ պետութիւններուն կարելիութիւն պիտի տայ աւելի ամրապնդելու տնտեսական համագործակցութիւնը յետխորհրդային տարածքին մէջ:

«Մենք փոխադարձաբար իրարու առջեւ կը բանանք մեր շուկաները, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ապրանքները մեր շուկաները պիտի մտնեն ցած գիներով` ստեղծելով աւելի լաւ պայմաններ նոր միացեալ ձեռնարկութիւններ հիմնելու համար», ըսաւ Ռուսիոյ վարչապետը:

Անդրադառնալով այս փաստին` Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան յայտարարեց, որ խոստմնալից այս գաղափարին մասին ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւնները յայտարարած էին տակաւին 1994-ին, սակայն 15 տարիէ աւելի ոչ մէկ ձեւով կրցան համաձայնութեան գալ այդ համաձայնագիրի պայմաններուն եւ դրոյթներուն շուրջ: Ըստ վարչապետին, ձեռք բերուած արդիւնքը պատմական էր:

Ան յայտնեց, որ երեքշաբթի օրը պատմական էր, որովհետեւ այս փաստաթուղթին վրայ 20 տարի աշխատած էին: Ան աւելցուց, որ այս տարի կը լրանայ ԱՊՀ-ի հիմնադրութեան 20-ամեակը եւ իրեն կը թուի, թէ այս նշանակալի օրը կը հաստատէ, որ ԱՊՀ ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժի:

Նախորդը

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

Յաջորդը

ՄԻԹ-Ի ԵՒ ՄՈՍԱՏԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.