Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոնտոնի Մէջ Յարձակումին Առնչակից 12 Անձեր Ձերբակալուեցան Պարքինկի Մէջ

June 5, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Պի. Պի. Սի.» կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ շաբաթ օր տեղական ժամանակացոյցով շուրջ ժամը 22:00-ին 7 զոհ եւ 48 վիրաւոր պատճառած յարձակումէն ետք, բրիտանական ոստիկանութիւնը երէկ արեւելեան Լոնտոնի Պարքինկ շրջանին մէջ յարձակումին մասնակից երեք անձերէն մէկուն պատկանող յարկաբաժինը ներխուժելով ձերբակալած է դէպքին առնչակից 12 անձեր:

Շաբաթ օր ճերմակ փոքր փոխադրակառք մը Լոնտոնի կամուրջին վրայ վրայերթի ենթարկած էր անցորդներ, ապա երեք անձեր փոխադրակառքէն վար իջնելով մօտակայ Պորօ շուկային մէջ անցորդներ դանակահարած էին: Քանի մը վայրկեան ետք անոնք սպաննուեցան ոստիկանութեան կողմէ: Վիրաւորներուն շարքին էին չորս ոստիկաններ, որոնք փորձած էին արգելք հանդիսանալ յարձակումին: Անոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր է:

Ասիկա վերջին երեք ամսուան ընթացքին Բրիտանիոյ մէջ արձանագրուած երրորդ ահաբեկչական յարձակումն էր: Առաջինը տեղի ունեցած էր մարտին` Բրիտանիոյ խորհրդարանին մօտ եւ պատճառած 5 զոհ, իսկ երկրորդը` հազիւ երկու շաբաթ առաջ Մանչեսթըրի մէջ եւ պատճառած 22 զոհ:

Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ դատապարտելով արարքը յայտնեց. «Ժամը հասած է ըսելու «բաւ է»: Ան ըսաւ, որ երկիրը «չի կրնար եւ պէտք չէ այնպէս ձեւանայ, որ հարցերը կրնան այսպէս շարունակուիլ: Կը հաւատանք, որ մեր դիմագրաւած սպառնալիքին մէջ կը գտնուինք նոր ուղղութեան մը դէմ յանդիման, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը ահաբեկչութիւն կը ծնի»:

Ան ըսաւ, որ Բրիտանիոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարտավարութիւնը վերատեսութեան պիտի ենթարկուի, եւ իր երկիրը այլ երկիրներու հետ պիտի գործէ, որպէսզի համացանցը ահաբեկիչներու համար «ապահով տարածք» մը ըլլալէ դադրի:

Բրիտանիոյ վարչապետը ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ ծայրայեղականութեան նկատմամբ չափազանց հանդուրժողականութիւն գոյութիւն ունի», եւ այդ մօտեցումը պէտք է փոխուի, թէեւ «որոշ դժուար ու նեղ կացութիւններ ստեղծող քննարկումներ» կ՛ենթադրէ:

Բրիտանական քաղաքական կուսակցութեանց մեծամասնութիւնը առկախեց խորհրդարանական ընտրութիւններու իր քարոզարշաւը, սակայն վարչապետը յայտնեց, որ քարոզարշաւը պիտի շարունակուի երկուշաբթի, եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները նախատեսուածին նման տեղի պիտի ունենան այս հինգշաբթի օր:

Միջազգային ղեկավարներ իրենց կարգին դատապարտեցին Լոնտոնի մէջ կատարուած ահաբեկչական վերջին յարձակումը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ երեկոյեան «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Լոնտոնի եւ Բրիտանիոյ օգնելու համար Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են ընելու ինչ որ կրնան: Մենք ձեր կողքին ենք: Աստուած ձեզ օրհնէ»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, որ դէպքը դատապարտող առաջին միջազգային ղեկավարներէն էր, յայտնեց, որ իր երկիրը աւելի քան երբեւիցէ կը կանգնի Բրիտանիոյ կողքին: Նշենք, որ ֆրանսացի պաշտօնատարներ հաղորդեցին, որ վիրաւորներուն շարքին են չորս ֆրանսացիներ, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Այսօր բոլոր սահմաններուն տարածքին ցնցուած ենք ու կը սգանք, սակայն նաեւ վճռական ենք: Ինչ կը վերաբերի Գերմանիոյ, կը վերահաստատեմ, որ ահաբեկչութեան բոլոր տեսակներուն դէմ պայքարին մէջ մենք վճռականօրէն կը կանգնինք Բրիտանիոյ կողքին»:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր «խորագոյն ցաւակցութիւնները» յայտնեց բրիտանացիներուն եւ դատապարտեց յարձակումը: Բրիտանիոյ վարչապետին յղուած իր հեռագիրին մէջ ան յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միացեալ ջանքերը «պէտք է ըլլան հասարակաց պատասխան մը»:

Նախորդը

Թուրինի Մէջ Յառաջացած Իրարանցումին Պատճառով Արձանագրուած Են 1500 Վիրաւորներ

Յաջորդը

Թիֆլիսի Մօտ` Վրաստան-Ազրպէյճան-Թուրքիա Միացեալ Ռազմափորձեր

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.