Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պաքուին կոչ ուղղած է ազատ արձակելու ձերբակալուած ազրպէյճանցի լրագրող Աֆղան Մուխթարլին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Թիֆլիսի մէջ ազրպէյճանցի ընդդիմադիր լրագրող Աֆղան Մուխթարլիի առեւանգման, ապա 30 մայիսին Ազրպէյճանի մէջ անոր ձերբակալութեան մասին հաղորդումով: Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք ազատ արձակելու բոլոր այդպիսի անձերը, որոնք կալանքի տակ յայտնուած են իրենց հիմնարար ազատութիւններուն իրականացման համար», նշուած է նախարարութեան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նաեւ մտահոգութիւն յայտնած է Ազրպէյճանի ընդդիմադիր Ազգային ճակատ կուսակցութեան փոխնախագահ Կեզալ Պայրամլի ձերբակալութեան առնչութեամբ:



