Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՆՑՔԻՆ. ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՕՏԱՐԱԼԵԶՈՒ, ԲԱՅՑ ՀԱՅԵՑԻ ՊԱՏՈՒՀԱՆ` ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԲԱՑՈՒԱԾ (ՓԱՐԱՆԹԵԶ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱՏՈՒՆ, ՄԱՐՍԷՅ, ՖՐԱՆՍԱ)

October 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ

Լիբանանի մէջ կայացող Ֆրանսալեզու գիրքի Ցուցավաճառքը անցեալ աշնան առաջին առիթ մը տուաւ մեզի ծանօթանալու Փարանթեզ Հրատարակչատան նոր մէկ արտադրութեան` Անահիտ Տէր Մինասեանի եւ Հուրի Վարժապետեանի պատրաստած «Մեր մանկութեան հողերը» գրական ճոխ ծաղկաքաղին` վերցուած հայազգի, յաճախ եւ հայագիր դէմքերու գործերէն: Հատորին զոյգ հեղինակները իրենց Պէյրութ կեցութեան օրերուն շփման մէջ եղան հայ համայնքի մեր կառոյցներուն հետ եւ քանի մը առիթներով հանդիպեցան նաեւ հանրութեան: Իրենց հետ էր Փարանթեզ-ի «հայրը»` Վարուժան Արզումանեան:

Մամուլի արձագանգներէն հոս կ՛ուզեմ յիշել Շահանդուխտի սրտալի անդրադարձը (11 դեկտ., 2010), ինչպէս եւ` ներկայ սիւնակի ստորագիրին հպանցիկ գրախօսական ներկայացումը (10 յունուար, 2011):

ՓԱԿԱԳԻԾ` ՓԱՐԱՆԹԵԶ-Ի ՄԱՍԻՆ

Այս տարի, հոկտեմբերէն նոյեմբեր անցումի օրերուն, Փարանթեզ հրատարակչատունը կրկին ներկայ կ՛ըլլայ ֆրանսալեզու գիրքի ցուցավաճառքի յարկին տակ:

Փաստին կ՛անդրադառնամ սիւնակիս երկրորդ մասին մէջ: Իսկ հոս, նախ, պէտք է դիմագրաւել կարիքը, ոչդիւրին բայց` անհրաժեշտ, ներկայացնելու հրատարակչատունը, այսինքն նոյնինքն հրատարակիչը` Վարուժան Արզումանեանը: Ներկայացում` ոչդիւրին, որովհետեւ խօսքը լուսարձակներէ հեռու, շօշափելի իրագործումներու մարդու մը մասին է, սակաւախօս, ցուցանքի թշնամի, տէր` հպարտութեամբ երանգուած համեստութեան մը: Միանգամայն` անհրաժե՛շտ ներկայացում, որովհետեւ անձը կը նոյնանայ հրատարակչատան հետ` իբրեւ անոր հիմնադիրը – մէկը անոր երկու հիմնադիրներէն: Յամառ հետապնդողն ու ստեղծողը Editions Parenthèses-ի որակին ու վարկին, ե՛ւ իբրեւ ընդհանրական, ֆրանսալեզու աշխարհի գեղարուեստական-հրատարակչական մարզի փնտռուած ու յարգուած ձեռնարկութիւն, ե՛ւ -ինչ որ մեզ մասնաւորաբար կը հետաքրքրէ- իբրեւ նախաձեռնութիւն` հայ ու հայանիւթ գրականութեան ֆրանսերէնով մատուցման…:

Փարանթեզ հրատարակչատունը, իր սկզբնական ձեւով, 70-ական տարիներուն ծնունդ առած է երկու նորաւարտ, գրեթէ պատանի ճարտարապետներու` Վարուժան Արզումանեանի եւ ֆրանսացի դասընկերոջ մը` իր մինչայժմեայ գործակիցին դեռ երազային ձգտումներէն:

Յափշտակուած` ճարտարապետական նորագոյն հոսանքներու որոշ գաղափարներէ, անոնք հրատարակած են նախ ինքնագիր եւ ինքնուրոյն հատոր մը` ճարտարապետական նիւթով, ապա նաեւ գործեր` արդի երաժշտութեան թեմաներով (Վարուժանը միանգամայն երաժիշտ է եղած):

Ապա` 80-ականներէն արդէն կայացած ձեռնարկութիւն` հրատարակչատունը 90-ականներուն եւ 2000-էն ասդին իր ընդհանրական արտադրութեան մարզերուն մէջ այնքան պատկառելի կերպով ուռճացում է ճանչցած, որ զայն արտացոլացնելու ամէն փորձ` մեր այս սահմաններուն մէջ` պիտի ըլլար պարզապէս սին ջանք:

Այսուհանդերձ, խուսափելու համար «մերինով գոհանալու» կեթոյական փորձութենէն, կողքին անջատ առաջին ցանկով մը կու տամ մի քանի նմուշ` երեք տասնամեակի վրայ տարածուող եւ երկու հարիւրի հասնող իր հրատարակութիւններու խորագիրներէն, համախառն` մենագրական ուսումնասիրութիւն, ժողովածու թէ ալպոմ – ճարտարապետութիւն եւ քաղաքաշինութիւն, լուսանկարչութիւն եւ գեղանկարչութիւն, պատմութիւն եւ ընկերաբանութիւն, տեսութիւն եւ կիրարկում…: Այս բոլորը` մոլորակային աստիճանաչափի վրայ.- Միջերկրականէն Ատլանտեան աշխարհ, հին Լատին Ամերիկայէն` ծայր-արեւելեան երկիրներ…:

Թեմաթիք այսպիսի հարստութիւն խմբող աւելի քան տասնեակ մատենաշարներու կարգին են հայանիւթ մատենաշարները – նախ` 80-90-ական տարիներուն` Collection Arménies-ն, ապա` 2000-էն ասդին` Collection Diasporales-ը: Այս վերջինին մաս կազմող «Հայ ժամանակակից գրականութեան ծաղկաքաղ»ը («Avis de Recherche» խորագրուած), երկլեզու է` հայերէն բնագիրը ֆրանսերէն թարգմանութեան հետ դէմ առ դէմ:

Հայկական այս մատենաշարներու ցանկերը եւս, նախորդին պէս` հրատարակչատան գրացուցակներէն քաղուած, կը տրուին կողքին, անջատ շրջանակով:

ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅԱԿԱՆ-ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵԶՐԵՐԸ…

Բարձրավարկ այսպիսի հրատարակչատուն մը` աճած ֆրանսական մշակոյթի եւ արեւմտեան Միջերկրականի ափերուն, ինքնին արժանի էր անդրադարձի` նախ իբրեւ մշակութային առարկայական իրողութիւն – իբրեւ շօշափելի ներդրում` հայ գրականութեան միջլեզուական-միջազգային առնչութիւններու դաշտին: Մարսէյի Vieux Port-էն ներս, աջի վերելքներու գլխուն, Փարանթեզ-ի ցուցանակներու յանկարծական երեւումը` սփիւռքի երէկին քիչ-շատ հաղորդ այցելուն անպայման կը տանի դէպի որոշ հին Մարսէյ մը, միջերկրականեան Ֆրանսայի 50-ական-60-ական տարիները: Նոյնիսկ եթէ ատիկա պիտի ըլլայ ընթերցումներու եւ երէցներու բերնէն լսուած վկայութիւններու ճամբով:

Արդարեւ, ինչպէ՞ս չայցուիլ հետքերովը անցուդարձերու, որոնց մասին այնքան եռանդով գրեր են (եւ պատմեր են մեզի, օրին, Պէյրութի Ուաթուաթ թաղի մայթերը վեր ու վար ճեմելով…) խոնարհ ու ջանասէր Կարօ Փոլատեաններ, մնայուն հաղորդութեան մէջ` Cahiers du Sud-ը շրջապատող դէմքերու հոյլի մը` Ժան Պալլարի, Լիւք-Անտրէ Մարսէյի եւ գործակիցներու հետ – ջերմացած յուշովը իրենց գրական զրոյցներուն ու թարգմանական տքնաջան աշխատանքներուն` Նարեկացիէ, Ե. Չարենցէ, Դ. Վարուժանէ եւ ուրիշներէ…:

Ու կ՛անդրադառնաս, որ ահա, մասնաւոր այս հրատարակչատունը հազուագիւտ մէկ ժառանգորդն է այսօր այդ բոլորին` համալսարանական հին թաղամասի գլխուն ջանասիրաբար ու արհեստավարժ խստութեամբ կանգնած: Նուազած հաւաքական կառոյցներով հարաւային Ֆրանսայի մեր համայնքի լուսանցքին, հակադրուող անոր ներկայ աղքատութեան: Հոն արձանագրուած միակ յաւելումը` կրթական կոկիկ, ամբողջական հաստատութիւն մը` Համազգայինի դպրոցը (իր ստեղծումով արդէն մասամբ հետեւանք արտաքին կենսանիւթի ներարկման), չի բաւեր հերքելու աղքատութեան այս ցաւցնող հաստատումը – այնքան ատեն որ չենք յաջողիր արգելակել-շրջել լեզուա-մշակութային ապահայացումի ընթացքը…:

Բայց վերադառնամ նիւթիս:

… ԵՒ ԵՆԹԱԿԱՅԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ – ՕՏԱՐԻՆ ՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

Որովհետեւ, երբ Փարանթեզ-ի մասին կը խօսիմ, կ՛անդրադառնամ որ, առարկայական փաստերէ անդին, նաեւ անշրջանցելի նիւթ է եւ խորհրդածութեան աղբիւր` զայն նախաձեռնող մարդուն հոգեմտաւոր աշխարհը – գործին զսպանակիչ տեսլականը: Գործ, որ լարուած է զօրութենական խոր դաշտի մը գիծերուն վրայ:

Այս սիւնակը տեղ չունի վերլուծելու խորհող-գործող մարդու մը ողջ հոգեմտաւոր աշխարհը. կրնամ միայն տպաւորութիւն մը թելադրել` ապաւինելով իր` Արզումանեանի՛ իսկ մէկ խտացումին, Փարանթեզ-ի հայկական գրացուցակի մուտքին իբրեւ մակագրութիւն արձանագրուած, քանդակուա՛ծ` պիտի ըսէի. «...Որովհետեւ -կ՛ըսէ այդ մակագրութիւնը- ամէն վաւերականութիւն` աքսոր մըն է»:

Հաստատումը լրիւ ստանձնուած ճշմարտութեան մը կնիքը կը կրէ: Ճիշդ նոյնը, որ կը թելադրէ մարսիլիական պարբերականի մը(1) տրուած իր մէկ հարցազրոյցը -հազուադէպ պատահար-, այլապէս խիտ տարազումով. «100 առ հարիւր տոկոսով հայ եմ, եւ 100 առ հարիւր տոկոսով աքսորական»: Տարազումը, ի դէպ, կրնայ միանգամայն կարդացուիլ իբրեւ թափանցիկ ու զսպօրէն հեգնական ակնարկութիւն մը, ուղղուած աժան հռետորութեանը անոնց, որոնք շատ դիւրաւ կը փողահարեն իրենց «100 առ հարիւր տոկոսով ֆրանսացի (կամ … որեւէ այլ տեղացի) եւ 100 առ հարիւր տոկոսով հայ» ըլլալը…:

Կը հասկնա՞նք, որ հոս խօսքը մտքի՛ «սփիւռք»ի մը մասին է, ինքնութեա՛ն «աքսոր»ի մասին – ըլլալով հանդերձ նաե՛ւ ազգային-պատմական սփիւռք ու աքսոր…: Շեշտումն է այն էական փաստին, որ «հաւատարմութիւնը» հայութեան հանդէպ կ՛արմատաւորուի ամբողջ գոյութենական ոլորտի մը ծոցին, նոյնանալով յառաջապահ մտաւորականի ու արուեստագէտի «վաւերականութեան», ինքնուրոյնութեան, տարբերութեան գիտակցութեան հետ…

Այսպէս, կապուածութիւնը հայ գրականութեան ուրոյն կլիմային հետ, ջերմ զգացումները միջին-արեւելեան մթնոլորտին ե՛ւ անոր հայախօս հայ զանգուածներու հանդէպ(2), ինչպէս հրատարակչատան ընդհանուր արեւելումն ու ընտրանքները,- բոլորը իրենց տեղը կը գտնեն, կը բացատրուին ու կը հաստատուին գոյութենական այդ ոլորտին մէջ, լայն բացուած աշխարհին, ու յատկապէս` տարաշխարհիկ-տարբեր մշակոյթներու, անհրաժեշտ հեռաւորութիւն մը պահած` եւրո-ամերիկեան աւանդական, տիրող-ճնշող մշակոյթներէ: Մնայուն երթուդա՛րձ մը: Երթուդարձ` արմատներուն եւ բաց օդին միջեւ, Սեփականին ու «Օտար»ին – որ է միանգամայն օտար ե՛ւ ինքնութեան բացայայտիչ, հաստատիչ, բեղմնաւորիչ…:

Առնչակից հարցերու ամբողջ շարք մը կը յուզուի հոս` մարդուս մտքին մէջ, բոլորի ալ խորքին` սփիւռքեան մեր գոյավիճակի երկհերձ, շիզոֆրէն նկարագիրը.-

– Մեր համայնքային կառոյցներու տկարութիւնը, եւ պայմաններու հազիւ աննպաստ դարձող պաշարումին դէմ` անոնց արագ հիւծումը – մինչեւ անհետացում:

– Անցեալի ճակատագրական թերացումները, որոնք արեւմտեան աշխարհի մեր համայնքները տարին լեզուա-մշակութային ապահայացումի, չհաշուած դիմադրութեան կղզիացած կորիզներ, անհատական թէ խմբակային:

– Խտրական ու անհաղորդ վերաբերումը, որ Արեւելքի մէջ կը շարունակենք ասոնց հանդէպ, արդիականացման դիմակի մը ետին իսկ` պահելով կեթոյական դիմածում, կծկուած մեր համայնքային ժամանակաւոր, խաբուսիկ «պաշտպանական» գիծերու ետին: Նուիրագործելով հայրենահանումով մեզի պարտադրուած ցրւումին անէծքը, անգիտանալով իրար, ու այդ խտրական անգիտացումին մէջ` աւելի եւս հեռանալով իրարմէ, աւելի եւս վատնելով մեր վտիտ կարողականութիւնները…:

Բայց – անցնի՛նք:

«ՍԵՄԵՐ» – «SEUILS»

Փարանթեզ-ի հայկական մատենաշարներուն մէջ, գրական-ստեղծագործական բնոյթի գործերը կը կազմեն ընդհանուրի մօտ կէսը: Չհաշուած մի քանի օտար բնագիրով երկեր  (շատը` ֆրանսերէն),  ասոնք դասականացած կամ որոշ չափով «հին» գործերու թարգմանութիւններ են`  Դ. Վարուժանէ, Գ. Զօհրապէ, Ն. Սարաֆեանէ, Պ. Սեւակէ…:

Բացառութիւն կը կազմէ Գ. Պըլըտեանի «Սեմեր»ը («Seuils»), որմով Փարանթեզ կը ներկայանայ այս տարի Պէյրութի Ֆրանսալեզու գիրքի ցուցավաճառքին: Անիկա նոր թարգմանուած է ֆրանսերէնի ու հրատարակուած` քանի մը շաբաթ առաջ:

Գործը իր հայերէն բնագրով(3) 1997-ին լոյս տեսած է Հալէպ` իբրեւ անհատական-խմբակային նախաձեռնութիւն, բայց ցարդ գրեթէ անծանօթ կը մնայ միջին-արեւելեան գօտիի ընթերցողներու: Հակառակ որ կը կայացնէ ոչ միայն սեմ մը` պատմողին ու լիբանանահայ 50-ական-60-ական ողջ սերունդի կենսամուտքին ու կենսային փորձին,- այլեւ պիտի դառնար սեմ` նաեւ հետագայ արձակ երկերու շարքի մը: Հնգեակ վէպեր, նոյնքան քիչ ծանօթ, եւ որոնք հաւանօրէն գրական մեր տարեգրութիւններուն մէջ արձանագրուին իբրեւ ամենավառ ու ամբողջական վկայութիւն` լիբանանահայ առաջին յիսնամեակի զոյգ սերունդներու կեանքէն…

Ինչի՞ հետեւանք է բաւական տարօրինակ այս անծանօթութիւնը: Գործին նորարարական, «փորձարկային» նկարագիրի՞ն, որ «մեր մէջ» կրնայ սեւ ցանկի արժանացնել ինքնուրոյնութեան ձգտող որեւէ գործ. թէ՞ գրականութեան ու գրական գործերու հանդէպ անտարբերութեան, բթացումի երեւոյթի մը (ընդհանուր երեւոյթ, բայց մեզայատո՛ւկ, որովհետեւ աշխարհ կը շարունակէ՜ գրականութիւն արտադրել ու …կարդալ, նոյնիսկ եթէ մենք, անտեղեակ ատկէ, մենք մեզ կը չքմեղենք «ա՛լ մարդիկ չեն կարդար» տիպի սոփեստութիւններով…):

Փաստը փաստ է: Քանի մը տարի առաջ զայն արդէն կը նշէր երիտասարդ գրագէտ մը` գրական երեկոյի մը (չմոռնամ ճշդել` Ատլանտեանէն անդին տեղի ունեցած…).- Վիպական այդ աշխարհը` Պըլըտեանի գործը, անգիտացուած է հայ Պէյրութէն, այն միջավայրէ՛ն իսկ, որ անոր հումքն է ու մեկնակէտը…

Յամենայն դէպս, երեւոյթը այսօր կ՛ունենայ նոյնքան տարօրինակ հետեւանք մը, այլապէս խորհրդածելի, եթէ… գիտենք խորհրդածել.- Հայերէն բնագրով ա՛յս բնոյթի գործ մը, հայ ընթերցողին փաստօրէն անծանօթ մնացած` աւելի քան տասնամեակ ետք մեր տարածաշրջանը մուտք կը գործէ… ֆրանսերէնով: Վերը` Փարանթեզ-ի առիթով նշուած սփիւռքեան մտահերձումի, շիզոֆրէնիի կացութիւնը կարծեմ չէր կրնար աւելի պերճախօս երկրորդ օրինակ փնտռել ու գտնել, քան այս մէկը:

Այլապէս խորհրդածելի իրողութիւն է, եթէ ոչ նոյնքան յարակարծային, գրագէտին ամբողջական արձակին վերահաս բազմահատոր հրատարակութիւնը` Երեւան (Ս. Խաչենց հրատարակչութիւն): Մեզի համար նոյնքա՛ն խորհրդածելի, միայն` թերեւս նուազ մռայլ – իբրեւ եզրափակիչ նոթ:

Հաւանօրէն կ՛ընդունինք, որ Արեւմուտքի տարածքին հայալեզու մշակոյթի վերականգնումը, որքան ալ ութոփիական հնչող, այսուհանդերձ մեր Սփիւռքի վերապրման անշրջանցելի նախապայմանն է ու իրական մարտահրաւէր մը: Բայց պէտք է անպայման հասկնալ ի վերջոյ, նոյնիսկ ուշ, որ այդ հրամայականը ուղեկից ունի երկրորդ` «օտար»ի դէմ պատնէշներու քանդման, նորի անհրաժեշտ ընկալման նախապայմանը, ստեղծումո՛վ պահելու մարտահրաւէրը – այս մէկը ըսուած` արեւելեան, «հայախօս» մեր համայնքներուն համար եւ անոնց ի գիտութիւն…

Մինչ` սոսկ «պահպանելը» ամէնէն ապահով ուղին է կորսնցնելու – եւ կորսուելու անհետ:

ՆՈԹԵՐ

1.- «Autrement» հրատարակչութիւն, Մարսէյ, 2006:

2.- Նոյն հարցազրոյցին մէջ. «… երբ Պէյրութ գացի առաջին անգամ հինգ տարի առաջ, նախնական ցնցումս ստացայ` հայերէն լսելով փողոցներուն մէջ (Պէյրութը հոծ հայ համայնք մը ունի): […] Գտնուիլ հոն, այդ կարծր բայց հմայիչ մեծ քաղաքին մէջ, ծովուն դէմ, ուր (նաեւ) կը խօսուի ֆրանսերէն ու արաբերէն, հաւասարապէս […] Շատ սիրեցի Պէյրութը: Անկէ իվեր, կանոնաւորաբար կ՛այցելեմ տարին մէկ անգամ` «գործի» պատրուակներով…»:

3.- Ներկայ անդրադարձը միտում չունի, ոչ ալ մանաւանդ` տեղ, անդրադառնալու «Սեմեր» պատումին: Այդպիսի փորձ մը, ինչպէս Պըլտեանի ընդհանուր գործի պարագային, կ՛ենթադրէ երկարաշունչ քննութիւն ու թափանցումի ճիգ:

 

ՔԱՆԻ ՄԸ ՆՄՈՒՇՆԵՐ`
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐՆԵՐԷ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

L’Unité d’habitation de Marseille – Le Corbusier (J. Sbriglio)
La ville figurée : plans et vues gravées de Marseille, Gênes et Barcelone
Beyrouth architectures, aux sources de la modernité (Robert Saliba)
Cybrid[s], Architectures virtuelles (Neil Spiller)
Sinotecture – Nouvelle Architecture en Chine (Ch. Dubrau)
L’age d’or de l’architecture arménienne (P. Donabedian)
Musique de l’architecture (Iannis Xenakis)
Architectures comparées, essai sur la dynamique des formes (D. Raynaud)
Le Guide de la maison solaire (E. Mazria)
Villes et architectures (s. E. Rasmussen)   …

ԱՅԼ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ
L’art et l’image : une anthologie (G. Duby)
Cezanne : d’un siècle à l’autre
La France du Jazz (D.C. Martin, O. Roueff)
Le feu sous la glace, Arménie 1989-1990 (A. Agoudjian)   …

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Autour d’Averroès, l’héritage andalou (actes)
Comprendre la violence et surmonter
la haine en Méditerranée (actes)
Ces interdits qui nous hantent – islam, censure,
orientalisme (S. Jalal Al-Azm)     …..

 

 

ՀԱՅԱՆԻՒԹ ԶՈՅԳ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐՆԵՐ
(ոչ-հայաբնագիր գործերու խորագիրները` միայն ֆրանսերէնով.
թարգմանիչներու անունները` զանց առնուած:)

COLLECTION ARMENIE
Les anciennes croyances arméniennes (A. Aharonian)
Les Arméniens en Cour d’assises, terroristes ou resistants ?
La question arménienne (A. Ter Minassian)
Que la Lumière soit!(Եղիցի Լոյս, Պ. Սեւակ)
Le monastère (Վանքը, Տ. Չէօկիւրեան)
Enquête sur la négation d’un génocide (Y. Ternon)
Le chant du pain (Հացին Երգը, Դ. Վարուժան)
Mtnadzor (Մթնաձոր, Ա. Բակունց)
La maison de rééducation. Erevan 1926-1927 (Յիշողութիւններ ուղղիչ տնից, Ե. Չարենց)
Les prénoms arméniens (M. Ekmekdjian)
Le Bois de Vincennes  (Վէնսէնի անտառը, Ն. Սարաֆեան)
Histoires Croisées, Diaspora, Arménie
Transcaucasie, 1890-1990 (A. Ter Minassian)
L’Ile et un homme  (Կղզին եւ մի մարդ, Կ. Զարեան)

COLLECTION DIASPORALES
L’apatrie (J. Kehayan)
Le Kemp, enfance intra-muros (J. Ayanian)
L’homme le plus triste (Ամենատխուր մարդը, Պ. Զէյթունցեան)
Jours de Cendre à Istanbul (Խանձուած Օրեր, Պերճուհի Բարսեղեան)
La vie comme elle est (Կեանքը ինչպէս որ է, Գ. Զօհրապ)
Embarquement pour l՛Ararat (M. J. Arlen)
Les noces noires de Gulizar (Կիւլիզար)
Le miniaturiste (M. Melkonian)
Les passagers d’Istanbul (E. Heboyan)
Avis de recherche : anthologie de la poésie arménienne contemporaine
Sur le chemin de la liberté (Ազատութեան ճանապարհին, Ա. Ահարոնեան)
Ils sont assis (Max Sivaslian)
Journal de déportation (Անիծեալ Տարիներ, Ե. Օտեան)
Dis-lui son nom (H.-A. Hairabedian)
Nos terres d’enfance : l’Arménie des souvenirs
Seuils (Սեմեր, Գ. Պըլըտեան)

 

 

Նախորդը

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՎԱՅՐԱԳ ԲՈՂՈՔՆԵՐՈՒ ԵՏԻՆ ԾԱՌԱՑՈՂ ԹՇՆԱՄԱՆՔ

Յաջորդը

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԿԱՅԱՑԱՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.