Հայ աւետարանական քոլեճի հոգաբարձութիւնը, տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի տնօրէնութեան յիսնամեակին առթիւ, իբրեւ գնահատանք անոր անխոնջ ծառայութեան եւ անմնացորդ նուիրումին, զայն կը հռչակէ քոլեճի «Պատուակալ տնօրէն»: Դոկտ. Մսըրլեան պիտի շարունակէ մաս կազմել ՀԱՔ-ի մեծ ընտանիքին` իր հարուստ փորձառութեամբ սատարելով զանազան յատուկ ծրագիրներու:
Կ՛աղօթենք Բարձրեալին, որ Հայ աւետարանական քոլեճի ապագայի ծրագիրներն ու սոյն գործակցութիւնը պսակէ յաջողութեամբ` ի փառս Իր անուան եւ յօգուտ հայ դպրութեան:
27 մայիս 2017
ՀԱՔ Հոգաբարձութիւն


