Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախկին Կառավարութեան Անդամները Վերանշանակուեցան. Դաւիթ Յարութիւնեան` Արդարադատութեան Նախարար

May 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հինգշաբթի, 25 մայիսին ստորագրած է նախարարներ նշանակող հրամանագիրներ:

Նախագահի հրամանագիրներով նախարար նշանակուած են`

Վաչէ Գաբրիէլեան` միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար, Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ. Սուրէն Կարայեան` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար. Էդուարդ Նալբանդեան` արտաքին գործոց նախարար. Վիգէն Սարգսեան` պաշտպանութեան նախարար. Իգնատի Առաքելեան` գիւղատնտեսութեան նախարար. Աշոտ Մանուկեան`  ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարար. Վահան Մարտիրոսեան` փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարար. Դաւիթ Յարութիւնեան` արդարադատութեան նախարար. Հրանուշ Յակոբեան`  սփիւռքի նախարար. Վարդան Արամեան` ելեւմուտքի նախարար:

Նախագահի հրամանագիրները հրապարակուած են Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի հինգշաբթի օրուան նիստէն ետք: Նիստի գլխաւոր օրակարգը եղած է նախարարներու նշանակման հարցը:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներուն տեղեկացուցած է, թէ կուսակցութեան Գործադիր մարմինը որոշած է կառավարութեան կազմին մէջ էական փոփոխութիւններ չմտցնել:

«Այս փուլին, ընդհանուր առմամբ, դրական կը գնահատենք վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գրասենեակի աշխատանքները: Պիտի ըլլայ մէկ փոփոխութիւն. դուք գիտէք, որ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարարը Ազգային ժողովին մէջ ունի քաղաքական մեծամասնութեան աջակցութիւնը, եւ այդ պաշտօնը պիտի վերացուի եւ պիտի դառնայ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար: Նախարարներու 19 թիւը կը դառնայ 18, կը համապատասխանեցուի նոր սահմանադրութեան», ըսաւ Շարմազանով:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան բանբերը նաեւ տեղեկացուց, որ փոփոխութեան կ՛ենթարկուի միայն արդարադատութեան նախարարը:

«Մնացած նախարարները, ներառեալ Դաշնակցութեան մեր գործընկերները, պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը կառավարութեան մէջ», եզրակացուց Շարմազանով:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Պաշտպանութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին

Յաջորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.