Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եուրոփա Լիկ». Մանչեսթըր Եունայթըտ` Տիտղոսակիր

May 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հենրիխ Մխիթարեան Նշանակեց
Սքանչելի Կոլ Մը

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2016-2017 տարեշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին, երբ Սթոքհոլմի մէջ (Շուէտ) 50 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ – Այաքս Ամսթերտամ աւարտական ճակատումը:

Մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի կազմը` Եունայթըտ, յաջողեցաւ դառնալ տիտղոսակիր, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:

Մրցումին հաշիւը 18-րդ վայրկեանին բացաւ Փոլ Փոկպա եւ անոր կազմը` Եունայթըտ, Ա. կիսախաղը աւարտեց 1-0 արդիւնքով:

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած եւ անկէ երեք վայրկեան ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան բացառիկ եւ սքանչելի շրջադարձ կոլով մը պարտութեան մատնեց Այաքսի բերդապահ Անտրէ Օնանան:

Մխիթարեան, որ 31-րդ վայրկեանին ստացաւ դեղին քարտ մը, մրցումին իբրեւ հիմնական մարզիկ մասնակցեցաւ: Ան 74-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Ճես Լինիարտով:

Նշենք, որ այսպիսով Հենրիխ Մխիթարեան դարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի առաջին մարզիկը, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ եւրոպական ֆութպոլի մրցաշարքի մը (այս պարագային` «Եուրոփա լիկ») աւարտականին եւ աւելի՛ն, ան նոյնիսկ յաջողեցաւ աւարտական մրցումին կոլ ալ նշանակել:

Օրուան իրաւարարն էր Տամիր Սքոմինա (Սլովենիա):

Այսպիսով, Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցաշարքի տիտղոսին, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին (խմբակներու դրութեամբ):

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Աւարտականի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Յաջորդը

Քուէյթի Մէջ. Պահրէյնի Թագաւորին Ներկայացուցիչը Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.