Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հրապարակեց տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումներուն յայտագիրը:
Աւարտականին իրարու դէմ պիտի մրցին Պէյրութ եւ Անթունիէ:
Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 28 մայիսին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Շիահի դաշտին վրայ:
Երկրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Անթունիէի դաշտին վրայ` միեւնոյն ժամուն:
Թէեւ հրապարակուեցան հինգ մրցումներուն թուականները, սակայն կրնայ բոլորին կարիքը չզգացուիլ, որովհետեւ հինգ մրցումէ երեք յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հանդիսանայ Բ. դասակարգի ախոյեան: