Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (23 Մայիս 1967)

May 23, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր Տեսակցութիւնը Ժորժ Սարգիսեանի Հետ
«Փշածաղիկ»-ի Բեմադրութեան Առիթով

Վաղը` ուրբաթ, 19, շաբաթ, 20 եւ կիրակի, 21 մայիս, երեկոյեան ժամը ճիշդ 9:00-ին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահին մէջ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը պիտի բեմադրէ «Փշածաղիկ» 14 տեսարանով թատրերգութիւնը:

Թարգմանութիւն եւ բեմադրութիւն` Ժորժ Սարգիսեանի:

Այս առիթով, թատերախումբի սթիւտիոյին մէջ տեսակցութիւն մը ունեցանք բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանին հետ:

Մեր առաջին հարցումին, թէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի հիմնադրութենէն ասդին անցած են 25 տարիներ, մտադրա՞ծ էք տօնել 25-ամեակը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Թատերախումբի 25-ամեակին առիթով ծրագրած էինք բեմադրել Լեւոն Շանթի «Կայսրը»: Յարմար բեմ չունէինք: Պուրճ Համուտի Ժողովրդային թատերասրահի շինութիւնը չաւարտեցաւ: Այս պատճառով յետաձգեցինք մեր ծրագիրը: Աշնան, երբ թատերասրահը պատրաստ ըլլայ, բացումը նուիրուած պիտի ըլլայ թատերախումբի 25-ամեակին:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ այսքան ուշացուցիք բեմադրութիւնը:

Պ.- Նախ` Հայաստանի «Սունդուկեան» թատերախումբի այցելութիւնը ամիս մը զբաղեցուց մեզ: Երկրորդ` ժամանակ տրամադրեցինք Պուրճ Համուտի Ժողովրդային թատերասրահի շինութեան ձեռնարկներուն: Ժողովներ, նուիրատուութիւններ, ճաշկերոյթ եւ այլն: Երրորդ` «Փշածաղիկ»-ը պարզ բեմերու վրայ բեմադրել կարելի չէր: Դարձող բեմի վրայ բեմադրուելիք թատրերգութիւն է: Մտադրած էինք բեմադրել Պուրճ Համուտի նորակառոյց թատերասրահին մէջ, որ օժտուած է դարձող բեմով: Շինութիւնը չաւարտեցաւ: Բարեբախտաբար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հանդիսասրահը ունեցաւ իր դարձող բեմը: Երբ վստահ եղանք, անմիջապէս սկսանք փորձերու:

Հ.- Ի՞նչ տեղեկութիւններ կ՛ուզէիք տալ «Փշածաղիկ» թատրերգութեան մասին:

Պ.- «Փշածաղիկ»-ը միջազգային համբաւի տիրացած այժմէական զաւեշտախաղ մըն է: Ամիս մը առաջ բեմադրուեցաւ Լոնտոնի մէջ: Երկու տարիէ ի վեր կը բեմադրուի Նիւ Եորքի մէջ եւ 1964-էն ի վեր` Փարիզի մէջ: Հաւանական է, որ ուրիշ քաղաքներու մէջ եւս կը բեմադրուի, բայց տեղեակ չեմ:

Հ.- Ինչի՞ վրայ հիմնուած է այս զաւեշտախաղը: Ի՞նչ բանը երգիծանքի առարկայ է: Ո՞վ է հեղինակը:

Պ.- Սուտի մը վրայ հիմնուած զաւեշտախաղ է: Այսինքն` ի՞նչ են սուտին հետեւանքները: Հեղինակած են երկու գրողներ: Երիտասարդ ֆրանսացիներ` Կրետի եւ Պարիլէ: Երգիծագրութեան մէջ, ընդհանրապէս, երբ երկու թատերագիրներ միասնաբար ստեղծագործեն, աւելի յաջող արդիւնք կու տան:

Հ.- Ի՞նչ տեղեկութիւններ կ՛ուզէիք տալ բեմադրութեան մասին:

Պ.- Ինչպէս ըսինք, դարձող բեմի համար գրուած թատրերգութիւն է «Փշածաղիկ»-ը: Այս իսկ պատճառով պիտի բեմադրենք արդիական բեմի վրայ, որպէսզի տեսարանները արագ ընթանան եւ ժամանակ շահինք: Հակառակ ասոր` երեք ժամ կը տեւէ:

Հ.- Ի՞նչ կ՛ուզէիք ըսել տեքորներու մասին:

Պ.- Տեքորներու մաքեթները ե՛ս շինած եմ: Երանգաւորումի ոճը գործն է նկարիչ Փոլ Կիրակոսեանի: Յայտնեմ, որ տեքորները իրապաշտ են: Կու տան միայն նուազագոյն եւ բաւարար չափով մթնոլորտը: Նոյնիսկ կրնամ ըսել` հակատեքոր են:

***

Վստահ ենք, որ ութ դերակատարներով եւ 14 տեսարաններով «Փշածաղիկ» զաւեշտախաղը երկարատեւ, լուրջ ու բծախնդիր պատրաստութեամբ, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի համբաւին արժանի բեմադրութիւն մը պիտի ըլլայ:

Թատերասէր լայն հասարակութիւնը դարձեալ առիթը պիտի ունենայ վայելելու արուեստի բեմադրութիւն մը:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Համազգային Վեհաշուք
Յուղարկաւորութիւն Վաղը
Բարսեղ Կանաչեանի

Բազմավաստակ երաժիշտ-երգահան Բարսեղ Կանաչեանի մահը խոր սուգի մատնեց մեր գաղութը, որուն ծոցին մէջ երկար տարիներ ապրած ու գործած էր անմահն Կոմիտասի արժանաւոր աշակերտը` ճոխացնելով հայ երաժշտութիւնը իր սքանչելի ստեղծագործութիւններով:

Ինչպէս կը տեսնուի ստորեւ հրատարակուած մահազդներէն, պէյրութահայութիւնը համազգային յարգանքով հողին պիտի յանձնէ մարմինը Վարպետին` յարգանքի եւ երախտագիտութեան խոր ապրումով:

Կանաչեան պիտի ունենայ վեհաշուք յուղարկաւորութիւն մը, որ վերապահուած է ազգի ընտիր զաւակներուն:

Մահազդ

Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդանս խորունկ վշտով կը ծանուցէ մահը բազմավաստակ ուսուցիչ, երգահան եւ խմբավար, անմահն Կոմիտաս վարդապետի արժանաւոր աշակերտներէն Բարսեղ Կանաչեանի, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 21 մայիս 1967, կէսօրէ առաջ ժամը 6:00-ին, «Մախլուֆ» հիւանդանոցին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:

Հանգուցեալին ազգային յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ չորեքշաբթի, 24 մայիս 1967, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը պիտի ամփոփուի Ֆրըն Շըպպէքի ազգային գերեզմանատունը:

Կը խնդրուի ծաղկեպսակ չղրկել: Փափաքողները, ծաղկեպսակի փոխարէն կրնան նուիրատուութիւններ ընել Կանաչեանի գործերուն ֆոնտին:

Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:

* * *

Այս տխուր առիթով կը թելադրենք մեր մշակութային եւ երիտասարդական կազմակերպութեանց, ինչպէս նաեւ երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտութեան, որ մասնակցին յուղարկաւորութեան եւ ընծայեն իրենց վերջին յարգանքը մեզմէ անվերադարձ մեկնած հայ մշակոյթի վաստակաւոր Վարպետին:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մտորում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.