Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հարսանիքներուն Հարսանիքը «Լեռներում Հարսանիք»-ը

May 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ինչպէ՞ս չյիշել այս իւրայատուկ հարսանիքը: Կարելի՛ բան չէ…

Հայորդիին համար դեռ երէկ էր կարծես այս հարսանիքը, հարսանիքներուն հարսանիքը` «Լեռներում հարսանիք»-ը:

Հարսանիք մը, որուն 25-ամեակը կը տօնենք մայիս 8-ին:

Այսպէս, Արցախի հինաւուրց բերդաքաղաքին, վարչական, հոգեւոր, մշակութային եւ կրթական կեդրոն` Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի օրը կը նշուի «Հարսանիք լեռներում» անուանումով:

Այլ ձեւով կարելի չէ նկարագրել այս ազատագրումը, միջնադարեան քաղաքի մը… ամրոցի մը, որ 19-րդ դարաշրջանին կովկասեան բարձրաւանդակի կարեւորագոյն արհեստագործական, առեւտրական, մշակութային, կրթական կեդրոնն էր:

Դարեր շարունակ օտար ու այլազգ ուժեր գրաւեցին այս հայկական հինաւուրց ոստանը, ուր գործած են տպարան, թատրոն, ուսումնարան, եւ լոյս տեսած են զանազան պարբերականներ ու հրատարակութիւններ:

Շատ բաներ փորձուեցան հայաթափման ենթարկելու եւ նոյնիսկ ջնջելու այս բերդաքաղաքը, ո՛չ թէ միայն հայոց պատմութենէն, այլ նաեւ` աշխարհագրութենէն, սակայն հայ մշակոյթի ու դպրութեան, հայ քաղաքական մտքի ու ռազմական տաղանդի զարգացման այս աննման բնօրրանը մնաց կանգուն եւ պահպանեց հայկական իր ազգային դիմագիծը:

Շուշին հին քաղաք է, եւ պատմութիւնն ալ էջ առ էջ կը փաստէ, որ ան գոյութիւն ունէր, երբ աշխարհի վրայ Ազրպէյճանն ու ազերին գոյութիւն չունէին:

Քանի մը շաբաթ ետք, եւ գրեթէ տարի մը ետք պիտի նշուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակը` 1918-1921 թուականներուն, ուր Շուշին առաջաւոր դիրքը եղաւ Հայկական Դիմադրութեան` շարունակ դիմադրելով եւ արգելք հանդիսանալով արեւելքէն եւ հիւսիս¬արեւելքէն Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւման սպառնացող թուրք-թաթար ազերիական վտանգին եւ ներխուժման փորձերուն դէմ:

Այսպէս, այդ օրերուն Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը ղեկավարելով` Շուշի հերոսաբար դիմադրեց համաթրքական գրաւման վտանգին եւ տեղի տուաւ տարիներ ետք միայն, Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ ստալինեան պղտոր ու սադրիչ կամայականութեամբ պարտադրաբար կցուեցաւ Խորհրդային Ազրպէյճանին` իբրեւ ԼՂԻՄ` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ:

Շուշիի ազատագրումը պարզ հողաշերտի մը, կամ քաղաքի մը առումը չէր, այլ ընդհակառակը, այդ օր` 8 մայիս 1992-ին վերջնականապէս ամրապնդուեցաւ Ազրպէյճանին սեփական ուժերով գետին փռելու եւ գերազանցելու հաւատն ու կամքը, հայորդիին միասնական յանդգնութիւնն ու հերոսութիւնը:

Այդ օր Սիւնիքէն Արցախ լեռները հարսանիքի մէջ էին եւ ձեռք-ձեռքի բռնած ու գագաթ-գագաթի եւ ձոր-ձորի շաղկապուած ու ամրապնդուած` կը կատարէին հայրենի շուրջպարը:

Այսպէս, անգութ թշնամին հեռացնելով Շուշիէն, Հայաստանի հետ ճամբան հարթուած էր:

Շիկաքար բերդաքաղաքի անունով հռչակուած Շուշին, ոչ միայն վերջին տասնամեակներուն, այլեւ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան դաժան պայմաններուն, այլ յատկապէս 17-րդ դարաշրջանէն սկսեալ, ազդանշանը տրուած հայոց ազգային¬ազատագրական պայքարի բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին եղած է խորհրդանիշը` ազատ ու անկախ ապրելու ազգային կամքին եւ հայկական ինքնութեան ու ինքնուրոյնութեան:

Այդ տիպարին հարսանիքն է այսօր` «հարսանիքներուն հարսանիք»-ը:

8 մայիս 2017

Նախորդը

Կոչ` Հայ Երիտասարդին

Յաջորդը

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.