Երէկ` ուրբաթ, 19 մայիսին Թեքսասի նահանգային խորհրդարանը վաւերացուց թիւ 191 բանաձեւը, որով անիկա կը դառնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած` Միացեալ Նահանգներու 46-րդ նահանգը:
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում» խորագրուած այս բանաձեւին վաւերացումը յոյժ կարեւոր յաղթանակ մը նկատելով` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բանաձեւը խորհրդարանին ներկայացուցած խորհրդարանական Սքաթ Սենֆորտին, խորհրդարանի միւս անդամներուն, Հիուսթընի եւ Տալասի Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ այս բանաձեւի վաւերացման իւրաքանչիւր քայլափոխին նպաստած անհատներուն ու շրջանի հայ համայնքին, առանձնացնելով Տալասի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Լուսիա Նազարեանի, իրաւանց ջատագովման «Ֆոքըստ Էտվոքըսի» կազմակերպութեան նախագահ Պրենտըն Թատ Աղամալեանի եւ Թեքսասի համալսարանի դասախօս Միհրան Արոյեանի ունեցած կարեւոր ներդրումները:
Բանաձեւը, որ ապահոված էր մօտաւորապէս 50 հովանաւորներ, վաւերացուեցաւ միաձայնութեամբ:
Յիշեցնենք, որ նոյն նահանգին խորհրդարանը 2015-ին ձախողութեան մատնած էր հակահայ բանաձեւ մը` միաժամանակ վաւերացնելով Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն հայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարած Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց կազմակերպութեան բարեսիրական գործունէութիւնը դրուատող թիւ 1541 բանաձեւը:
Թեքսասի նահանգային խորհրդարանի թիւ 191 բանաձեւին վաւերացումը, ինչպէս նաեւ Ուայոմինկի նահանգապետին կողմէ նախորդ ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի հովանիին տակ գտնուող Միացեալ Նահանգներու 19 նահանգներուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ամբողջական կը դարձնեն:



