Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան խմբակին մրցումները շարունակուեցան երէկ` Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ):
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը, որ կատարեց երկու մրցում, առաջինին բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաղթեց 3-0 արդիւնքով:
Սակայն երկրորդ մրցումին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը նոյն արդիւնքով պարտուեցան Ֆատի Աքտաս խումբէն:
Յամենայն դէպս, ախոյեանութիւնը ցարդ չէ աւարտած եւ ՀՄԸՄ-ի կազմը տակաւին մրցումներ ունի կատարելիք: Այդ մրցումները պիտի շարունակուին վաղը եւ անոր յաջորդող օրը, նոյն վայրին մէջ:
Խումբին մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց տպաւորիչ ելոյթները շարունակել եւ արձանագրել այլ յաղթանակներ:



