Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Մէջ. Ալֆանօ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանեան-Իտալական Յարաբերութիւններու Ամրապնդումին

May 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու հեռանկարները:

Ալֆանօ նախագահ Աունին փոխանցեց Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի ողջոյնները` անոր յանձնելով Իտալիա այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը:

Նախագահ Աուն ողջունեց Ալֆանոյի Լիբանան այցելութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Մաթարելլայի հրաւէրին համար, եւ խոստանալով անյապաղ ընդառաջել անոր:

Նախագահ Աուն Ալֆանոյի յայտնեց նաեւ իր գոհունակութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մաս կազմող իտալական զօրախումբին դերակատարութեան վերաբերեալ:

Նախագահ Աուն լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի դիմագրաւած հիմնական երկու վտանգները, որոնք են` երկրին դիմագրաւած ահաբեկչութեան վտանգն ու Իսրայէլի վտանգը, որ մնայուն կերպով առկայ է, այնքան ատեն որ Միջին Արեւելքի տագնապը արդար լուծման չէ յանգած:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ստեղծած հարցերուն եւ երկրին վրայ անոնց ունեցած հետեւանքներուն` այս ծիրին մէջ ընդգծելով միջազգային ընտանիքին կողմէ ճիգերը բազմապատկելու կարեւորութիւնը:

Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապը քաղաքական լուծումով աւարտի:

Ալֆանօ իր կարգին յայտնեց, որ Մաթարելլա կ՛ողջունէ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 70-ամեակը եւ կը մաղթէ, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները աւելի եւս ամրապնդուին:

Ալֆանօ վեր առաւ Լիբանանի առատաձեռնութիւնը` սուրիացի գաղթականները հիւրընկալելու առումով, շեշտելով նաեւ, որ միջազգային ընտանիքը բարձր կը գնահատէ այդ իմաստով Լիբանանի դերակատարութիւնը:

Ալֆանօ այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Նշենք, որ Ալֆանօ այցելեց նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն հետ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտուեցաւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները հզօրացնելու իմաստով գործակցելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Եարզէի Մէջ Հետեւեցաւ Բանակին Իրագործած Զինուորական Տեսակարար Գործողութեան

Յաջորդը

Զախարովա. «Ըստ Տարբեր Աղբիւրներու, Ազրպէյճանի Տարածքէն Հարուածած Են Հակառակ Կողմը Գտնուող Զինուորական Համակարգեր»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.