Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

May 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ հայրենիքի սահմաններուն հսկողներուն շնորհիւ Լիբանան ճակատաբաց կը գոյատեւէ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն հիման վրայ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 400 լ. ոսկիով, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը` 500 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 300 լ. ոսկիով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վերջ տուած է ընտրական օրէնքներ առաջարկելու քայլին, որովհետեւ քաղաքական կարգ մը ուժեր յուսալքած են զայն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ ընտրական օրէնքին քննարկումը խոչընդոտող քաղաքական կողմերը չեն փափաքիր երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար շեշտեց, որ ընտրական օրէնքը պէտք է վաւերացուի նախքան խորհրդարանի թափուր դրութեան մատնուիլը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ իրենք անձնատուր պիտի չըլլան, այլ պիտի շարունակեն ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու իմաստով ամէն ջանք ի գործ դնել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ բոլորին համար յստակ է արդէն, որ ընտրական օրէնքի որակաւորման տարբերակին շուրջ համախոհութիւն չկայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացին նախապատուութիւնը ունի աշխատանքի որեւէ առիթի, քան օտար քաղաքացիութիւն ունեցող անհատ մը:

ԹԱԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ ըսաւ. «Այնքան ատեն որ ընտրական օրէնքի մասին համաձայնութիւն գոյութիւն չունի, կը մաղթեմ, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի»:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Ռումիէի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները անընդունելի են` աւելցնելով, որ իսլամական բանտարկեալներուն շնորհուելիք ընդհանուր ներումը պիտի բարդացնէ հարցը:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Ռահիմ Մըրատ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մաքասետ միութեան նախագահ Ամին Տաուքի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կրթական մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական ներկայ տագնապը լուծելու միակ ելքը ուժի մէջ եղող ներկայ ընտրական օրէնքով երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելն է:

 

Նախորդը

Ուաշինկթընի Մէջ Խաղաղ Ցուցարարներու Վրայ Յարձակողները Եղած Են Էրտողանի Անվտանգութեան Աշխատակիցները

Յաջորդը

Սարրաֆ Փաթրիք Ֆախրիի Հետ Քննարկեց Պթատհիի Ոճիրին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.