Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ, երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ կրօնական զբօսաշրջութեան ծրագիրին:
Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս, մեծ թիւով կրօնականներ, Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան ու կրօնական զբօսաշրջութեան մարզերու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով լրագրողներ:
Լիբանանի եւ Իտալիոյ քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ծրագիրը համադրող Ռուլա Աժուզ ներկայացուց ծրագիրին մանրամասնութիւնները, ապա դեսպան Մարոթթի ողջունեց ներկաները` արտայայտելով իր գոհունակութիւնը լիբանանեան պետութեան եւ Իտալիոյ դեսպանատան գործակցութեամբ յաջողութեամբ պսակուած այս ծրագիրին վերաբերեալ:
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան` մէջբերելով Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապին խօսքը, ըսաւ, որ Լիբանան պատգամի երկիր է` աւելցնելով, որ Լիբանան սուրբերու հող է, ինչպէս նաեւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ գոյակցութեան երկիր մը, որ բազմազան է իր համայնքներով եւ յարանուանութիւններով:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ աշխարհագրական իր փոքր դիրքով Լիբանան կը բովանդակէ աւելի քան երեք հազար կրօնական հնութիւններ, որոնք տարբեր քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու վկաներն են` աւելցնելով, որ անցեալ տարի զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Սրբուհի Մանթարայի մատուռը վերադարձուց համաշխարհային կրօնական զբօսաշրջութեան քարտէսին վրայ, որպէսզի ան ըլլայ ուխտաւորներուն ուշադրութիւնը գրաւող ուխտատեղի մը:
Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան իր քրիստոնէական եւ իսլամական սրբավայրերով կը փաստէ բոլորին, որ ինք ազգային համերաշխութեան խորհրդանիշն է եւ ամբողջ աշխարհին համար կը ծառայէ իբրեւ ազգային գոյակցութեան օրինակելի տիպար:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը մեծ ջանքեր ի գործ կը դնէ Լիբանանի զբօսաշրջական մարզը զարգացնելու եւ բարելաւելու համար, յատկապէս կրօնական զբօսաշրջութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ կը գործակցի Իտալիոյ դեսպանատան հետ` նկատի ունենալով անոր փորձառութիւնը:
«Մենք վստահ ենք, որ սուրբ հողերէն մաս մը նկատուող Լիբանանի մէջ կրօնական զբօսաշրջութիւնը պիտի արժանանայ միջազգային ուշադրութեան, որովհետեւ Լիբանան վկան է կրօններու ծնունդին ու տարածումին: Հետեւաբար հիւսիսէն հարաւ եւ մինչեւ Պեքաայի խորերը գտնուող հնութիւնները, որոնք անոր պատմութեան խօսուն վկաներն են, զինք արժանի պիտի դարձնեն գտնուելու կրօնական զբօսաշրջութեան համաշխարհային քարտէսին վրայ», եզրափակեց ան:
Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ 2009-ին կայացած ռամատանեան իֆթարի մը ընթացքին խոստացած է նման ծրագիր մը մշակել` վարչապետ նշանակուելու պարագային, սակայն երբ 2010-ին վարչապետ նշանակուած է, այդ ծրագիրը մնացած է դարակի մը մէջ, «սակայն հիմա արդէն այդ ծրագիրը դարակէն դուրս բերուած է եւ իրականացած», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ կրօնական այցելութիւնները մարդկային պատմութեան մէջ առաջնահերթ այցելութիւններէն կը նկատուին, «հետեւաբար Լիբանան իր արդար բաժինը պէտք է ստանայ կրօնական զբօսաշրջութեան առումով, որովհետեւ անիկա 5 հազար տարուան պատմութիւն կը պարունակէ»:
Հարիրի աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան պէտք է նաեւ մշակութային զբօսաշրջութեան առումով իր արդար բաժինը ստանայ, որովհետեւ անիկա երկրին կ՛ապահովէ տնտեսական յաւելեալ բարգաւաճում:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Մարոթթիի, զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ նախարար Կիտանեանին, որ ճիգ չխնայեց այդ ծրագիրը իրականացնելու իմաստով:



