Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Ցաւինք Ծերակոյտը Մերժող Արտայայտութիւններուն Համար Եւ Կառչած Կը Մնանք Ընտրական Օրէնքի Որակաւորման Տարբերակին» Ընդգծեց Պասիլ

May 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին մէջ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութեան սրբագրումը Ազգային ուխտ կը կոչուի եւ ոչ թէ համայնքայնութիւն:

«Ինչպէ՞ս Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը պահանջէ Շուֆը եւ Ալէյը մէկ ընտրաշրջանի վերածել` յարգելու համար տիւրզի համայնքին իւրայատկութիւնը: Արդեօք այս քայլը համայնքայնութիւ՞ն է, թէ՞ աշխարհայնացում: Իսկ երբ շիին կամ սիւննին որոշ իւրայատկութեան պահպանում պահանջէ, անիկա ի՞նչ պէտք է կոչել` համայնքայնութիւն, թէ՞…», հարց տուաւ Պասիլ:

Ան յայտնեց, որ Ծերակոյտը կը փարատէ համայնքներուն մտահոգութիւնը եւ խորհրդարանին ու Ծերակոյտին մէջ հաւասարութիւն կը հաստատէ` համամասնական դրութեան հիման վրայ:

«Ըստ երեւոյթին, սակայն, Ծերակոյտ մը հիմնելու գաղափարը վիժած է, եւ չենք գիտեր, թէ անիկա որո՞ւ շահերուն կը ծառայէ: Իսկ նկատի ունենալով, որ մենք ցարդ կը մերժենք 1960-ի ընտրական օրէնքը, խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումն ու խորհրդարանի թափուր դրութիւնը, կը հաստատենք, որ կառչած կը մնանք ընտրական օրէնքի որակաւորման տարբերակին, մինչեւ որ ընտրական օրէնքի մը այլընտրանքը գոյանայ», յայտնեց Պասիլ` շեշտելով, որ իրենց պահանջն է ունենալ Ազգային ուխտին, համախոհական ժողովրդավարութեան եւ ամբողջական քաղաքացիութեան պատշաճող ընտրական օրէնք մը:

Միւս կողմէ, Պասիլ անդրադարձաւ ելեկտրականութեան թղթածրարին` ընդգծելով, թէ կայ սուտասանութեան հսկայ ալիք մը, որ պէտք է կասեցուի, որպէսզի քաղաքացիներուն միտքերը չթունաւորուին,  եւ մարդոց արժանապատուութիւնը խոցելի չդառնայ:

Ան հաստատեց, որ արտօնելի չէ վարկաբեկել մարդոց արժանահապատուութիւնը, եւ կոչ ուղղեց դատական իշխանութիւններուն` ստանձնելու իրենց պարտականութիւնները:

Նախորդը

Զօր. Պերի Հարաւային Լիբանան Կը Հրաւիրէ Պասիլը

Յաջորդը

«Նախագահ Աուն Լաւատես Է Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Շուրջ Համաձայնելու Իմաստով» Շեշտեց Իսամ Ֆարես

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.