Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ կէսօրին նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կայուն իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կողմէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան զօրակցելու իրողութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան բանակին, լիբանանեան ծովուժին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Զօր. Պերի Պասիլին ներկայացուց միջազգային խաղաղապահ ուժերուն գործունէութեան մանրամասնութիւնները եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները` բարձր գնահատելով լիբանանեան բանակին վերադասաւորումը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:
Զօր. Պերի հրաւիրեց Պասիլը հարաւային Լիբանան, այցելելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն կեդրոնները` աւելցնելով, որ այդ այցելութիւնը պիտի բարձրացնէ նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրութիւնը:
Պասիլի այցելեցին նաեւ առեւտրականներու փաքիստանեան պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ուքրանիոյ եւ Սլովաքիոյ դեսպանները:



