Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Այցելած Է Քաթար

May 16, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտօնական այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առանձնազրոյց ունեցած է Քաթարի Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահը Քաթարի իշխանին լաւ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ըսած է, որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ մերձաւորարեւելեան շրջանը յատուկ կարեւորութիւն ունի, եւ  արաբական աշխարհին հետ Հայաստան ունի իւրայատուկ յարաբերութիւններ` հիմնուած դարերու պատմութիւն ունեցող բարեկամութեան վրայ: Ան նշած է, որ Հայաստան հետամուտ է Քաթարի հետ բարձրաստիճան քաղաքական երկխօսութիւնը  աշխուժացնել եւ բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը   խորացնել:

Զրուցակիցները երկուստեք յոյս յայտնած են, որ Հայաստանի նախագահին Քաթար տուած առաջին այցելութեան արդիւնքները իրենց դրական անդրադարձը կ՛ունենան հայ-քաթարական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վրայ: Անոնք խորհրդանշական նկատած են, որ այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի եւ Քաթարի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակի զուգադիպող տարին, որ, կողմերուն համոզումով, պատեհ առիթ է հայ-քաթարական յարաբերութիւնները վերաիմաստաւորելու եւ անոնց նոր խթան հաղորդելու:

Երկկողմանի յարաբերութիւններէն բացի, զրուցակիցները քննարկած են բազմակողմանի ձեւաչափով փոխգործակցութեան զարգացման կարելիութիւնները: Նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ Քաթարի իշխանը անդրադարձած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին: Այդ շրջագիծին մէջ Քաթարի իշխանը կարեւոր նկատած է շրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը` ընդգծելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը խաղաղ ճամբով եւ երկխօսութեան միջոցով լուծուելէ բացի այլընտրանք չունի:

Նախորդը

Արցախի Սահմանի Արեւելեան Ուղղութեամբ Հակառակորդը Դիմած Է Սադրանքի

Յաջորդը

Ակնարկ. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակը` Համահայկական Տարողութեամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.